Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդը Ընդունած Է Հայաստանի Առաջադրած «Ցեղասպանութեան Կանխարգելում» Բանաձեւը

ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդը Ընդունած Է Հայաստանի Առաջադրած «Ցեղասպանութեան Կանխարգելում» Բանաձեւը

by MassisPost

ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի 49-րդ նստաշրջանի ընթացքին համաձայնութեամբ ընդունուած է Հայաստանի կողմէ առաջադրուած «Ցեղասպանութեան կանխարգելում» բանաձեւը:

Արտաքին Գործերու Նախարարութեան լրատուականի փոխանցմամբ` բանաձեւը, որ աւանդաբար կը ներկայացուի Հայաստանի կողմէ, գնահատելով ներկայիս վտանգներն ու մարտահրաւէրները, կը նախանշէ այն քայլերը, որոնք պէտք է միասնականօրէն իրականացուին ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներու կողմէ ցեղասպանութեան արհաւիրքը կանխելու, անոր ճանաչման, արդարութեան վերականգնման, փոխհատուցման, մեղաւորները պատժելու եւ հաշուետուողականութիւն ապահովելու ուղղութեամբ:

Բանաձեւը լայն աջակցութիւն կը վայելէ, ինչի վկայութիւնն է բոլոր հինգ տարածաշրջանային խումբերը ներկայացնող երկիրներու կողմէ անոր համահեղինակումը, նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Այս տարի բանաձեւը յառաջ կը քաշէ այնպիսի խնդիրներ, ինչպիսին են հակամարտութեան վտանգներու գնահատման եւ զանոնք թոյլ չտալուն ուղղուած քայլերու ձեռնարկումը, նոր արհեստագիտութիւններու չարաշահումը, այդ շարքին` ընկերային հարթակներու միջոցով ապատեղեկատուութեան տարածման վտանգները, կը վերահաստատէ Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին ուխտի համընդհանուր վաւերացումը ապահովելու անհրաժեշտութիւնը:

Բանաձեւը կ’առաջարկէ ՄԱԿ-ի շրջանակին մէջ կազմակերպել համաժողով, որ նուիրուած պիտի ըլլայ Ուխտի 75-ամեակին: Համաժողովի ընթացքին կը նախատեսուի նաեւ քննարկել ընկերային հարթակներու եւ զանոնք որպէս ատելութեան գործիք օգտագործելու անթոյլատրելիութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment