Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արտակ Բեգլարեան Նշանակուած է Արցախի Պետական Նախարար

Արտակ Բեգլարեան Նշանակուած է Արցախի Պետական Նախարար

by MassisPost

Արտակ Բեգլարեան նշանակուած է Արցախի պետական նախարար, Կրիկորի Մարտիրոսեան, իր դիմումի համաձայն երէկ՝ Յունիս 1-ին ազատուած է այդ պաշտօնէն։

Արցախի նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեան այսօր, նախարարութեան աշխատակազմին ներկայացուցած է նոր պետական նախարարը՝ նշելով, որ Բեգլարեան պիտի համակարգէ աշխատանքի, ընկերային եւ գաղթականներու հարցերու, առողջապահութեան, արդարադատութեան, կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարներու գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ Սահմանադրութեամբ նախատեսուած օրէնսդրական բարեփոխութիւններու ընթացքը:

Արտակ Բեգլարեան եղած է Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը։ Ան 2020-ի Դեկտեմբերի վերջին հրաժարած է այդ պաշտօնէն, ապա նշանակուած Արցախի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment