Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Յոգնած Ենք Ամէն Տարի Սպասելէ, Թէ Ապրիլ 24-ին Ինչ Պիտի Ըսէ Միացեալ Նահանգները Հայերու Մասին․ Էրտողան

Յոգնած Ենք Ամէն Տարի Սպասելէ, Թէ Ապրիլ 24-ին Ինչ Պիտի Ըսէ Միացեալ Նահանգները Հայերու Մասին․ Էրտողան

by MassisPost

Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան մտադրութիւն յայտնած է քննարկել երկու երկիրներու յարաբերութիւններու վիճակը իր ամերիկացի գործընկեր Ճօ Պայտընի հետ առաջիկայ հանդիպման ժամանակ:

«Ընթացքի մէջ են նախնական նախապատրաստութիւնները (Յունիսին ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովի ծիրէն ներս կայանալիք Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներու հանդիպման համար): Բանակցութիւններու ընթացքին մենք կը բարձրացնենք այն հարցը, թէ ինչու Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի յարաբերութիւնները այսպիսի լարուածութեան փուլի մէջ են », – ըսած է Թուրքիոյ առաջնորդը TRT հեռատեսիլային կայանի տուած հարցազրոյցի ընթացքին:

Էրտողան ընդգծած է իր հիասթափութիւնը YPG / PKK-ին ԱՄՆ-ի աջակցութեան կապակցութեամբ: «Եթէ ԱՄՆ-ը մեր դաշնակիցն է, ապա որու կողմէն է այդ դաշնակիցը․ մեր, թէ՞ ահաբեկիչներուն: Ցաւօք, անոնք ահաբեկիչներու կողմն են: Մենք ներկայացուցած ենք բոլոր ապացոյցները, որոնք կը բացայայտեն PKK/YPG/PYD կազմակերպութիւններու կապը ԱՄՆ հետ, բայց Ուաշինկթըն կը նախընտրէ աչք փակել անոնց վրայ», – յայտարարած է Էրտողան։

Թուրքիոյ ղեկավարը անընդունելի անուանած է Ուաշինկթընի դիրքորոշումը «Օսմանեան  կայսրութեան օրերուն 1915-ին տեղի ունեցած իրադարձութիւններու» վերաբերեալ․ «Մենք յոգնած ենք ամէն տարի Ապրիլի 24-ին սպասելէն, թէ ինչ պիտի ըսէ Միացեալ Նահանգները հայերու մասին այս անգամ: Արդեօ՞ք ԱՄՆ-ը այլ մտահոգութիւններ չունի, բացի այն, թէ ինչպէս հանդէս գայ որպէս հայերու փաստաբան: Թող պատմաբանները զբաղին այս հարցով», – ըսած է Էրտողան։

Ան քննադատած է Ճօ Պայտընի վերջերս ըրած յայտարարութիւնները Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ: «Ի՞նչ է, անոնք, որոնք անոնցմէ առաջ ղեկավարած են ԱՄՆ, աւելի քիչ տեղեկութիւններ ունէին այս հարցի շուրջ, քան Պայտընի գրասենեակը։ Ինչու՞ անոնցմէ որեւէ մէկը չէ օգտագործած այդ արտայայտութիւնը (ցեղասպանութիւն)» , – աւելցուցած է Թուրքիոյ նախագահը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment