Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Պաշտօնական Լեզուները Պիտի Ըլլան Հայերէնն ու Ռուսերէնը

Արցախի Պաշտօնական Լեզուները Պիտի Ըլլան Հայերէնն ու Ռուսերէնը

by MassisPost

Արցախի պաշտօնական լեզուները պիտի ըլլան գրական հայերէնը եւ ռուսերէնը, այսօր՝ Մարտ 25-ին Արցախի Ազգային ժողովը ձայներու 27 կողմ, 0 դէմ, 2 ձեռնպահ յարաբերակցութեամբ ընդունեց «Լեզուի մասին» ու «Հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի մասին» օրէնքներու փոփոխութիւն եւ լրացում կատարելու մասին օրինագիծը, որ իրաւական ուժ կը ստանայ նախագահի կողմէն ստորագրուելէն ետք։

Նախագիծը կը պատկանի Լեռնային Ղարաբաղի խորհրդարանի հինգ խմբակցութիւններէն երեքին՝ «Ազատ հայրենիք ՔՄԴ»-ի, «Արդարութեան» եւ «Միասնական հայրենիք»-ի պատգամաւորներուն։

Հիմնաւորման մէջ անոնք նշած էին․ – «Հաշուի առնելով Արցախի եւ Ռուսաստանի մշակութային, ռազմական, տնտեսական յարաբերութիւնների պատմական յիշողութիւնը եւ այն փաստը, որ բազմաթիւ արցախցիների համար շփման երկրորդ լեզու է հանդիսանում ռուսերէնը` կարեւոր ենք համարում նոր որակի յարաբերութիւնների վերաարժեւորումը եւ նոր օրակարգի ձեւաւորումը»։

Արցախցի որոշ մասնագէտներ նախաձեռնութիւնը համարած էին ոտնձգութիւն հայոց լեզուի նկատմամբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment