Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Իրաքի Պաշտպանութեան Նախարարը Պաշտօնական Այցելութիւն Կատարած Է Հայաստան

Իրաքի Պաշտպանութեան Նախարարը Պաշտօնական Այցելութիւն Կատարած Է Հայաստան

by MassisPost

Պաշտօնական այցելութեամբ երէկ՝ Մարտ 24-ին, Հայաստան ժամանած է Իրաքի պաշտպանութեան նախարար՝ Ճումաա Ինատ Սաատուն Խատտապի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն։

Այսօր, ըստ Հայաստանի ռազմական գերատեսչութեան, պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը կատարուելէ ետք, կայացած է պաշտպանութեան նախարարներու առանձնազրոյցը, որուն յաջորդած է պատուիրակութիւններու կազմով հանդիպումը։

Զրուցակիցները քննարկած են պաշտպանութեան բնագաւառէն ներս Հայաստանի եւ Իրաքի երկկողմանի համագործակցութեան հեռանկարները, կարեւորած են փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը ոլորտներու փոխգործակցութեան հնարաւորութիւնները, ինչպէս օրինակ՝ փորձի փոխանակում, կանոնաւոր ռազմաքաղաքական խորհրդակցութիւններ, ռազմաարդիւնաբերական համագործակցութիւն։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան խնդիրներուն առնչուող հարցեր:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար՝ Վաղարշակ Յարութիւնեան ներկայացուցած է ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը եւ զանոնք դադրեցնելէն ետք ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքը:

Հայաստանի եւ Իրաքի պաշտպանութեան նախարարները ստորագրած են համաձայնութիւն մը, երկու գերատեսչութիւններու միջեւ պաշտպանութեան բնագաւառի համագործակցութեան մասին մտադրութիւններու վերաբերեալ, ուր սահմանուած են փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող համագործակցութեան 13 ոլորտներ:

Փաստաթուղթով նախատեսուած է նաեւ նախապատրաստել եւ ստորագրել պաշտպանութեան բնագաւառի համագործակցութեան մասին փոխըմբռնման յուշագիր։

Iraq-Defense-Minister-Genocide-Memorial

Իրաքի պատուիրակութիւնը պաշտպանութեան նախարարի գլխաւորութեամբ, այսօր այցելած է նաեւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը եւ յարգանքի տուրք մատուցած Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու յիշատակին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment