Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուն յայտարարած է, որ իր հիմնադրած «Ապագայ» կուսակցութիւնը սեփական թեկնածուն կ’առաջադրէ 2023 թուականի նախագահական ընտրութիւններուն: Ան, սակայն, չէ յստակացուցած, թէ ով պիտի ըլլայ կուսակցութեան թեկնածուն, չբացառելով իր մասնակցութիւնը:
Տաւութօղլուն ընդգծած է, որ ընտրութիւններուն միայնակ պիտի մասնացին եւ դաշինք պիտի չկազմեն այլ ուժերու հետ: Ան նշած է, որ Թուրքիան համակարգային ճգնաժամի մէջ է եւ նոր մօտեցման ու փոփոխութիւններու կարիք կայ: Համակիրներու հետ միասին պիտի առաջնորդուին ընդգրկուն ժողովրդավարութեան սկզբունքով:
«Մեր առաքելութիւնն է ըլլալ ժողովուրդի ձայնը», – ըսած է Տաւութօղլուն:
Անցեալ տարուայ Սեպտեմբերին, իշխող «Արդարութիւն ու զարգացում» կուսակցութեան շարքերը լքած Ահմետ Տաւութօղլուն ամիսներ ետք յայտարարեց իր կուսակցութեան հիմնադրման մասին: