Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Փութինն Ու Փաշինեանը Շուտով Պիտի Կարենան Անձամբ Քննարկել Բոլոր Հարցերը․ Տմիթրի Փեսքով

Փութինն Ու Փաշինեանը Շուտով Պիտի Կարենան Անձամբ Քննարկել Բոլոր Հարցերը․ Տմիթրի Փեսքով

by MassisPost

Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտնած է, որ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը կարճաժամկէտ հեռանկարի մէջ պիտի կարենան անձամբ քննարկել տարբեր հարցեր, այդ շարքին՝ Տաւուշի մարզէն Ռուսաստանի սահմանապահ կէտերու դուրսբերման հարցը։

Անդրադառնալով Տաւուշի մարզէն Ռուսաստանի սահմանապահ անցակէտերը դուրս բերելու վերաբերեալ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութեան՝ Փեսքով ըսած է, որ այդ առումով ազդանշաններ չեն եղած հայկական  կողմէն։

«Կ’ակնկալենք, որ կարճաժամկէտ հեռանկարի մէջ նախագահ Փութինն ու վարչապետ Փաշինեանը հնարաւորութիւն պիտի ունենան անձամբ քննարկելու այս եւ, անհրաժեշտութեան պարագային, այլ արդիական հարցեր»,- նշած է ան։

Օրեր առաջ, անդրադառնալով Տաւուշի մարզի ուղղութեամբ Ատրպէյճանի հետ սահմանի որոշ հատուածներուն մէջ առկայ ռուսական յենակէտերը հանելու վերաբերեալ  հարցին՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պատասխանած էր․ «Ռուսական յենակէտերն այդտեղ յայտնուել են այլ իրադրութեան բերումով: Այն, ինչ տեղի է ունենում հիմա, իրադրութեան էական փոփոխութիւն է, որը պէտք է իր ազդեցութիւնն ունենայ բոլոր ուղղութիւններով: Դա նշանակում է, որ մենք առաջնագիծ չունենք, ունենք սահման, իսկ սահմանը խաղաղութեան նշան է, իսկ դա նշանակելու է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանապահները, իրար հետ փոխգործակցելով, ինքնուրոյն ի վիճակի են լինելու իրականացնել սահմանի պահպանութիւն»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment