Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիոյ Նախագահը Դիմած Է Հայաստանին

Թուրքիոյ Նախագահը Դիմած Է Հայաստանին

by MassisPost

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիփ Էրտողանը Իրաքէն վերադառնալուց յետոյ պատասխանած է մամուլի ներկայացուցիչներու հարցումներուն։

Օդանաւին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին պետութեան ղեկավարը ըսած է, որ եկած է ժամանակը՝ «հրաժարելու պատմական անհիմն յիշողութիւններէն՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ նոր իրատեսական ճանապարհային քարտէզ մշակելու համար։

«Տարածաշրջանին մէջ այժմ նոր կարգ կը հաստատուի. ժամանակն է մէկ կողմ դնել անհիմն քլիշէները։ Իրական փաստերու վրայ հիմնուած գործելը միշտ աւելի լաւ է, քան իրականութենէն բաժնուած պատրանքային պատմական պատմութիւններուն հետեւիլը»,- ըսած է ան:

Ըստ Էրտողանի՝ սա գիտակցած է նաեւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

«Պատմաբանները կը վերլուծեն պատմական գործընթացներու ընթացքին տեղի ունեցածը. մենք ի սկզբանէ շատ բաց եղած ենք այս հարցով եւ յայտարարած ենք, որ կրնանք բանալ մեր արխիւները եւ մենք այդ կատարեցինք»,- յաւեած է Թուրքիոյ ղեկավարը՝ նկատի ունենալով Ցեղասպանութեան գործողութիւններուն ընդունումը:

Ան յոյս յայտնած է, որ Հայաստանը կ’ընտրէ ուղի մը, որ թոյլ կու տայ դուրս գալ «խաւարէն, որուն մէջ, անոր խօսքով, Հայաստանին թակարդած է Սփիւռքը», եւ նոր սկիզբ դնել դէպի պայծառ ապագայ:

«Հնարաւորութիւններու դռները յաւերժ բաց չեն մնար։ Անոնք պէտք է օգտագործուին, քանի դեռ բաց են»,- ըսած է Էրտողան՝ նշելով, որ «ոչ միայն Սփիւռքը, այլ նաեւ շատ այլ սադրիչներ» կը փորձեն ազդել Հայաստանի վրայ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment