Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ամբողջութեամբ Ապատեղեկատուութիւն Է. Պետական Քարտուղարութիւնը՝ Պրիւքսէլի Մէջ Հայաստանի Հետ Ռազմական Փաստաթուղթ Ստորագրելու Պնդումներուն Մասին

Ամբողջութեամբ Ապատեղեկատուութիւն Է. Պետական Քարտուղարութիւնը՝ Պրիւքսէլի Մէջ Հայաստանի Հետ Ռազմական Փաստաթուղթ Ստորագրելու Պնդումներուն Մասին

by MassisPost

ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան մամուլի ծառայութիւնը արձագանգած է ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու պնդումներուն այն մասին, որ Ապրիլ 5-ին Պրիւքսէլի մէջ կայացած Հայաստան-Եւրոմիութիւն-ԱՄՆ համաժողովի շրջանակին մէջ ռազմական բնոյթի փաստաթուղթ ստորագրուած է:

Որոշ լրատուամիջոցներ հրապարակած էին նոյնիսկ գոյութիւն չունեցող փաստաթուղթին լուսանկարը:

Պետական Քարտուղարութիւնը ատրպէյճանական պետական գործակալութեան հարցումին ի պատասխան՝ յայտնած է, որ նշուած «փաստաթուղթը» մաքուր ապատեղեկատուութիւն է, գոյութիւն չունի:

«Այս փաստաթուղթը մաքուր ապատեղեկատուութիւն է. անվտանգութեան հարցեր օրակարգին վրայ չեն եղած։ Մենք ձեզ կոչ կ’ընենք ուսումնասիրելու Ապրիլ 5-ին Պրիւքսէլի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպման արդիւնքներով ԵՄ-ի եւ Հայաստանի հետ համատեղ մամուլի հաղորդագրութիւնը։ ԵՄ-ի եւ Հայաստանի հետ պրիւսքէլեան հանդիպումը կեդրոնացած էր բացառապէս Հայաստանի տնտեսական դիմակայունութեան վրայ, քանի որ երկիրը կ’աշխատի իր առեւտրային գործընկերութիւններու բազմազանեցման եւ մարդասիրական կարիքներու լուծման ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ աջակցելու Հայաստանի ընթացիկ բարեփոխումներուն, ներառեալ այնպիսի ոլորտներու մէջ, ինչպիսիք են ժողովրդավարութիւնը եւ օրէնքի գերակայութիւնը»,- յայտարարած է Պետական Քարտուղարութիւնը։

Յիշեցնենք՝ նախօրէին ՀՀ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն մէջ հրապարակուած փաստաթուղթը կեղծ է, նման հարցեր պրիւքսէլեան հանդիպման օրակարգին վրայ չեն եղած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment