Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ 2019-ին, Թրքական Թերթերուն Մէջ Ատելութեան Խօսքի Թիրախ Ամէնէն Շատ Հայերը Եղած են

2019-ին, Թրքական Թերթերուն Մէջ Ատելութեան Խօսքի Թիրախ Ամէնէն Շատ Հայերը Եղած են

by MassisPost

Հրապարակուած են «Հրանդ Տինք» հիմնադրամի հովանաւորութեամբ կատարուած «Ատելութեան խօսքը մամլոյ մէջ» ուսումնասիրութեան արդիւնքները:

Հետազօտութեան ծիրէն ներս քննուած են 2019 թուականի ընթացքին Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսած համապետական եւ աւելի քան 500 տեղական թերթեր: Անցեալ տարուայ ընթացքին ազգային, ցեղային եւ կրօնական տարբեր խումբեր թիրախաւորող օրական շուրջ 17, ընդհանուր առմամբ՝ 4364 սիւնակ եւ յօդուած արձանագրուած է: Այդ հրապարակումներուն մէջ 80 տարբեր խումբերու հասցէի 5515 ատելութեան խօսք յատնաբերուած է: Ամէնէն շատ թիրախաւորուած են հայերը՝ 803 հրապարակում: Առաջին եռեակին մէջ են նաեւ սուրիացիները՝ 760, եւ յոյները՝ 754 արձանագրութեամբ: Ատելութեան խօսք ամենաշատը յայտանբերուած է Yeni Akit, Yeniçağ Diriliş Postası թերթերու հրապարակումներուն մէջ:

Ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ գրաւոր մամլոյ մէջ ատելութեան խօսքի աճ գրանցուած է ներքին եւ արտաքին քաղաքական շարք մը իրադարձութիւններուն զուգահեռ: Հայերու պարագային այդպիսի խթանիչ իրադարձութիւններէն են, օրինակ, Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրը եւ ցեղասպանութեան թեմայի շօշափումը Ֆրանսայի եւ ԱՄՆ-ի ղեկավար օղակներուն մէջ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment