Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ԱՄՆ Նախագահի Թեկնածու Ճո Պայտընը Ողջունած Է Ծերակոյտի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւը

ԱՄՆ Նախագահի Թեկնածու Ճո Պայտընը Ողջունած Է Ծերակոյտի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւը

by MassisPost

ԱՄՆ նախագահական ընտրութիւններուն դեմոկրատական կուսակցութեան նախագահի թեկնածու Ճո Պայտընը ողջունած է Ծերակոյտի կողմէ  Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը:

«Ես կ’ողջունեմ Ծերակոյտի այս կարեւորագոյն օրէնսդրութիւնը, որ պաշտօնապէս կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Եթէ մենք ամբողջութեամբ չենք ընդունիր անցեալը, «այլեւս երբեքը» չի կորսնցներ իր իմաստը: Փաստերը պէտք է ըլլան նոյնքան պարզ եւ հզօր ինչպէս ապագայ սերունդներու համար, այնպէս ալ անոնց համար, որոնց յիշողութիւնները վնասուած են ողբերգութենէն»,-թուիթըրի էջին գրած է Ճո Պայտընը:

Յիշեցնենք, որ Դեկտեմբեր 12-ին ԱՄՆ Ծերակոյտը միաձայն ընդունած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը, որու հեղինակներն են ծերակուտականներ Ռոպերթ Մենենտեզն ու Թետ Քրուզը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment