Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քննարկուած Է Հայաստան-ԱՄՆ Համատեղ Զօրավարժութիւններու Կայացման Հարցը

Քննարկուած Է Հայաստան-ԱՄՆ Համատեղ Զօրավարժութիւններու Կայացման Հարցը

by MassisPost

Հայաստանի Զինուած Ուժերու Գերագոյն Շտաբի պետ Էտուարտ Ասրեանը եւ ԱՄՆ պատերազմի քարտուղարի փոխտեղակալ Էնտրու Լումիսը քննարկած են Հայաստան-ԱՄՆ համատեղ զօրավարժութիւններու կայացման հարցը։

«Սեպտեմբերի 17-ին ՊՆ վարչական համալիրում պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ, ԶՈՒ ԳՇ պետ, զօրավար-լեյթենանթ Էտուարտ Ասրեանը հանդիպել է ԱՄՆ պատերազմի քարտուղարի փոխտեղակալ Էնտրու Լումիսի հետ»,- ըսուած է Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են պաշտպանութեան ոլորտին մէջ ՀՀ-ԱՄՆ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:

Բարձր գնահատուած է փոխգործակցությեան ներկայիս մակարդակը։ Մասնաւորապէս, կարեւորուած է խաղաղապահութեան, արհեստավարժ սերժանթական կազմի, հրահանգիչներու եւ կրտսեր հրամանատարներու պատրաստութեան, ռազմական կրթութեան, նաեւ համատեղ զօրավարժութիւններու եւ վարժանքներու կայացման եւ այլ ուղղութիւններով համագործակցութեան զարգացումը։

Էնտրու Լումիս նշած է, որ ԱՄՆ պիտի շարունակէ համագործակցութիւնը ընթացիկ ծրագրերու շրջանակին մէջ եւ պատրաստ է քննարկելու նոր ուղղութիւններով փոխգործակցութեան խորացման հնարաւորութիւնները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment