Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը Կը Համապատասխանէ Սահմանադրութեան

ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը Կը Համապատասխանէ Սահմանադրութեան

by MassisPost

Սահմանդրական դատարանը մէկ օրուան մէջ որոշած է, որ ԹՐԻՓՓ-ի համաձայնագիրը կը համապատասխանէ Հայաստանի Մայր օրէնքին:

Գործը դատարանին մէջ քննուած է Սեպտեմբեր 15-ին։ Զեկուցող դատաւորը Էտկար Շաթիրեանն է։ Ամբողջական որոշումը պիտի հրապարակուի եռօրեայ ժամկէտի մէջ։

Սահմանադրական դատարանի որոշմամբ՝ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներուն միջեւ ստորագրուած «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» նախագիծին վերաբերեալ ռազմավարական համագործակցութեան շրջանակային համաձայնագրին մէջ ամրագրուած պարտաւորութիւնները կը համապատասխանեն Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան:

Կառավարութիւնը համաձայնագրին սահմանադրականութիւնը որոշելու նպատակով Սահմանադրական դատարան դիմած էր Յուլիսին: ՍԴ որոշումէն յետոյ վերջնական վաւերացման համար համաձայնագիրը պիտի ուղարկուի Ազգային Ժողով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment