Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Աւարտած է Դաւիթ Սանասարեանի Գործով Նախաքննութիւնը

Աւարտած է Դաւիթ Սանասարեանի Գործով Նախաքննութիւնը

by MassisPost

Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան մօտ աւարտած է Պետական վերահսկողական ծառայութեան պետ Դաւիթ Սանասարեանի գործով նախաքննութիւնը: Այս մասին «Ազատութեան» յայտնած է Սանասարեանի պաշտպան Ինեսսա Պետրոսեանը:

Փաստաբանը յայտնած է, որ Սանասարեանի մեղադրանքը մնացած է նոյնը, որոշ փոփոխութիւններ եղած են մեղադրանքի ձեւակերպումներուն մէջ: Քրէական գործի նիւթերուն ծանօթանալու համար փաստաբանը 20 օր ժամանակ խնդրած է: Սանասարեանը  բժշկական  սարքերու գնումներու գործով կը մեղադրուի պաշտօնէական լիազօրութիւնները չարաշահելու մէջ։

Սանասարեանը կը հերքէ մեղադրանքը՝ պնդելով, որ ԱԱԾ-ն վատնելով պետական միջոցը այդպէս ալ առարկայական քննութիւն չէ իրականացուցած:

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը մինչդեռ յայտարարած էր, որ բաւարար ապացոյցներ ձեռք բերուած են, որոնք առերեւոյթ կը վկայեն այն մասին, որ Սանասարեանը, հանդիսանալով Պետական վերահսկողական ծառայութեան ղեկավար, ունենալով ծառայութեան անմիջական ղեկավարումը իրականացնելու, ծառայութեան աշխատակիցներ նշանակելու եւ ազատելու, վերահսկուող կառոյցներուն մէջ ուսումնասիրութիւններ իրականացնելու յանձնարարագրեր տալու լիազօրութիւններ, խմբային շահերէ ելլելով` իր աշխատակիցներու կողմէ փաստացի կառավարուող ընկերութեան ձեռնարկատիրական գործունէութեան նպաստելու նպատակով իր պաշտօնէական դիրքը առերեւոյթ օգտագործած է ծառայութեան շահերուն հակառակ, ինչպէս նաեւ չէ կատարած իր ծառայողական պարտականութիւնները:

Սանասարեանի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կիրառուած էր չհեռանալու մասին ստորագրութիւնը: 35-ամեայ պաշտօնեան թաւշեայ յեղափոխութեան առանցքային մասնակիցներէն էր, քրէական գործի յարուցումէն ետք անոր լիազօրութիւնները դադարեցուած էին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment