Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Ճատրակի Կանանց Ախոյեան Մարիա Գէորգեանը Չի Մասնակցիր Թուրքիոյ Մրցաշարքին Ատրպէյճանական Վերջնագիրի Պատճառաւ

Հայաստանի Ճատրակի Կանանց Ախոյեան Մարիա Գէորգեանը Չի Մասնակցիր Թուրքիոյ Մրցաշարքին Ատրպէյճանական Վերջնագիրի Պատճառաւ

by MassisPost

Թուրքիոյ Սըվազ (պատմական Սեբաստիա) քաղաքին մէջ Օգոստոս 19-ին, մեկնարկած է Sivas Buruciye International Open Chess Tournament-A-ը, որուն մասնակցութեան հրաւէր ստացած էր նաեւ Հայաստանի ճատրակի կանանց հաւաքականի անդամ, միջազգային կարգի վարպետ, Հայաստանի եռակի ախոյեան Մարիա Գէորգեանը:

«Ֆէյսպուք»-ի իր էջին այս մասին գրառում կատարած է ՀՀ Ազգային ժողովի կրթութեան, մշակոյթի եւ սփիւռքի հարցերով մշտական յանձնաժողովի նախագահ Մխիթար Հայրապետեանը:

«Մեր մարզուհիին, սակայն, բոլոր պայմանաւորուածութիւններու ձեռքբերումէն յետոյ՝ վերջին պահին, մրցաշարի կազմակերպիչներէն Մուսթաֆա Էրօղլուն տեղեկացուցած է, որ ատրպէյճանցի մարզիկները իրենց վերջնագիր ներկայացուցած են` հրաժարելով մասնակցութենէն։ Ըստ Էրօղլուի՝ ատրպէյճանցիները այդ քայլին գացած են, քանի որ հայ մարզուհին պիտի մասնակցէր մրցաշարին։ Որպէս արդիւնք, հայ մարզիկը այլեւս հնարաւորութիւն չէ ունեցած մասնակցելու միջազգային մրցաշարին, քանի որ ճանապարհածախսն ու կեցութեան գումարը պիտի հոգար հրաւիրող կողմը, որն ալ, փաստացի, հրաժարած է:

Այսպիսով, հերթական անգամ կ’առերեսուինք սփորթի մէջ ցեղապաշտութեան ու արմենոֆոպիայի դրսեւորման խիստ դատապարտելի երեւոյթին. ընդամէնը երեք ամիս առաջ հայազգի ֆութպոլիստ Հենրիխ Մխիթարեանը չկարողացաւ մասնակցիլ Պաքուի մէջ կայանալիք Եւրոպայի լիկայի եզրափակիչին՝ Ատրպէյճանի կողմէ անվտանգութեան բաւարար երաշխիքներ չտալու ու ենթադրեալ հայկական ծագում ունեցող երկրպագուներու մուտքը Ատրպէյճան արգիլելու պատճառով:

Այժմ իրավիճակի բացառիկութիւնը այն է, որ վերոնշեալ ճատրակային մրցաշարը ոչ թէ Ատրպէյճանի մէջ կ’իրականացուի, այլ երրորդ երկրի՝ Թուրքիոյ, եւ, փաստացի, ատրպէյճանական կողմը ճնշում կը գործադրէ՝ առաջնորդուելով ցեղապաշտական հռետորաբանութեամբ:

Հաշուի առնելով վերոգրեալը՝ կը դիմեմ Ճատրակի միջազգային ֆետերացիային՝ ՖԻՏԷ-ին (Fédération Internationale des Échecs), ուսումնասիրելու ստեղծուած իրավիճակը եւ մարզասէր հանրութեան տրամադրելու պատասխաններ՝ ստեղծուած իրավիճակի վերաբերեալ: Դատապարտող յայտարարութիւնները, աւաղ, այլեւս չեն կրնար վերականգնել մեր մարզուհիի մասնակցութիւնը մրցաշարին ու արդէն իսկ անդրադարձած են անոր բարոյահոգեբանական վիճակի վրայ, սակայն կրնան թոյլ տալ խուսափիլ ցեղապաշտական ու այլատեացութեան յետագայ դրսեւորումներէ:

Սփորթի առաքելութիւնը դեռ հին ժամանակներէն եղած է տարբեր ազգերու մարդոց միաւորելն ու համերաշխութիւն ու խաղաղութիւն քարոզելը: Մինչդեռ 21-րդ դարուն, որ իրաւամբ հռչակուած է որպէս մարդու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու վերազարթօնքի դարաշրջան, կը շարունակենք բախուիլ յետադիմական այնպիսի պարսաւելի երեւոյթի, ինչպիսին ցեղապաշտութիւնն է»,- գրած է Հայրապետեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment