Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Լոս Անճելոսի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուեցաւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 100-Ամեայ Յոբելեանը

Լոս Անճելոսի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուեցաւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 100-Ամեայ Յոբելեանը

by MassisPost

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 20-ի երեկոյեան, Լոս Անճելոսի «Միլլանիում Պալթիմոր» հիւրանոցի սրահներէն ներս մեծ շուքով նշուեցաւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան հիմնադրութեան 100-ամեայ յոբելեանը:

Պատմական հիւրանոցէն ներս տեղի ունեցած շքեղ ճաշկերոյթին ներկայ էին Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան ղեկավարներ, տարբեր երկիրներէ ժամանած Աւետարանական համայնքի հոգեւոր հովիւներ եւ առաջնորդներ, Ընկերակցութեան բարերարներ եւ մեծ թիւով հայեր տարբեր քաղաքներէ ու համայնքներէ:

Ներկայ էին նաեւ Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Լոս Անճելըսի գլխաւոր հիւպատոս Պր. Արմէն Պայպուրթեան:

Երեկոն սկսաւ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ, որմէ ետք Վերպատուելի Պերճ Ճամպազեան կատարեց բացման աղօթքը:

Օրուայ հանդիսավար, Ամերիկահայ յայտնի քաղաքական գործիչ՝ Քէն Քաչիկեանի բացման խօսքէն ետք ելոյթ ունեցաւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան նախագահ Տոքթ. Նազարէթ Տարագճեան, որ անդրադարձաւ Ընկերակցութեան կարեւոր առաքելութեան՝ Հայ ժողովուրդի հոգեւոր, կրթական ու բարեսիրական կեանքէն ներս: Ապա, ան յատուկ գնահատանքի արժանացուց Ընկերակցութեան նախկին գործադիր տնօրէն Պր. Լեւոն Ֆիլեանին՝ հանգստեան կոչուելուն առթիւ: Այս առթիւ անոր յանձնուեցաւ յատուկ յուշանուէր:

Տօքթ. Տարագճեան նաեւ պարգեւատրեց Տիկին Ճոյս Սթայնին, որ շարունակելով իր հօր՝ Ստեփան Փիլիպոսեանի աւանդը երկար տարիներէ ի իվեր սատար կը կանգնի Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան:

Տեսաերիզի միջոցաւ ներկայացուեցաւ Ընկերակցութեան 100-ամեան բեղուն գործունէութիւնը սփիւռքի ամբողջ տարածքին ու նաեւ Հայաստանի ու Արցախի մէջ:

Բարձրորակ կատարողութեամբ հանդէս եկան Կրէկ Հոշարեան եւ Հայկական երաժշտական անսամպլի արուեստագէտները:

Երեկոյի ընթացքին յատուկ պատիւի արժանացան Ընկերակցութեան երկարամեայ բարերարները, որոնց կտակներուն շնորհիւ կարելի եղած է լայնածաւալ աշխատանք իրականացնել Հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս:

Պր. Քէննէթ Գէորգեան ներկայացուց Գոնթի եւ Ստեփան Փիլիպոսեան հիմնադրամի ներդրումը, Տիկին Էկիզապէթ Աղպապեան ներկայացուց Թրփանճեան Կրթական Հիմնադրամի օժանդակութիւնները եւ Տոքթ. Սթիվ Ահարոնեան՝ Շիին Ընտանեկան Հիմնադրամի նպաստը: Այս առթիւ ցուցադրուեցան անոնցմէ իւրաքանչիւրի մասին պատմող ժապաւէններ: Բարերարներուն եւ կամ անոնց հարազատներուն յանձնուեցան 100-ամեակի յատուկ յուշանուէրները:

Եզրափակիչ շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Պր. Զաւէն Խանճեան:

Փակման աղօթքը կատարեց Վերապատուելի Տօքթ. Վահան Թութիկեան:

100-ամեակի առթիւ, տարուայ ընթացքին Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան ի նպաստ եղած է շուրջ 12 միլիոն տոլար նուիրատուութիւն:

100-ամեակի առթիւ հրատարակուած ճոխ գրքոյկին մէջ կային շնորհաւորանքի եւ գնահատանքի գրութիւններ՝ յղուած Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին, Ամենայն Հայոց Հայրապետին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքին, ՍԴՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի, ՀԲԸՄ-ի եւ բազմաթիւ այլ ազգային կազմակերպութիւններու եւ հաստատութիւններու կողմէ:

DSC07393 DSC07400 DSC07490 DSC07512 DSC07534 DSC07542 DSC07566

DSC00094

Մարտ 1, 2014

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment