Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մանուէլ Գրիգորեանը Կ’ուզէ իր Ահռելի Տարածքը Նուիրաբերել Պետութեան

Մանուէլ Գրիգորեանը Կ’ուզէ իր Ահռելի Տարածքը Նուիրաբերել Պետութեան

by MassisPost

Ազգային ժողովի պատգամաւոր, Երկրապահ կամաւորականներու միութեան նախկին նախագահ Մանուէլ Գրիգորեանը դիմած է կառավարութեան՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով պետութեան նուիրել Ակնալիճ համայնքի մէջ գտնուող «Ակնալիճի կուղբաբուծական տնտեսութիւն» ընկերութեան շուրջ 330 հեքթար տարածքը:

«Արմէնբրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ լուրը հաստատած է ՀՀ  պետական գոյքի կառավարման վարչութեան նախագահի տեղակալ Սերգօ Աթանէսեանը:

«Մանուէլ Գրիգորեանի ներկայացուցչի կողմից գրութիւն է ուղարկուել մեր կոմիտէ, որ նա պատրաստակամ է նուիրաբերել տարածք  առանց որեւէ պարտաւորութեան: Մնացած մանրամասներին չեմ տիրապետում, քանի որ վարչութեան միւս տեղակալի համակարգմանը ենթակայ գործառոյթների մէջ է մտնում պայմանաւորուածութիւնը» ,- ընդգծած է Աթանէսեանը:

ՀՀ  պետական գոյքի կառավարման վարչութեան նախագահի միւս տեղակալը՝  Գէորգ Լոռեցեանը,  «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին մէջ գրած է, որ իրենց գրութեամբ դիմած է Մանուէլ Գրիգորեանի լիազօր ներկայացուցիչը՝ յայտնելով, որ պատրաստ են պետութեան նուիրաբերել Ակնալիճ համայնքի մէջ գտնուող «Ակնալիճի կուղբաբուծական տնտեսութիւն» ընկերութեան շուրջ 330 հեքթար տարածքը։

«Սահմանուած կարգով պիտի կազմակերպենք գոյքի ընդունման գործընթացը»,- գրած է Լոռեցեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment