Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական Վարչութեան Մասնակցութիւնը՝ Վերահիմնուած Սոցիալիստական Կուսակցութեան 3-րդ Համագումարին

Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական Վարչութեան Մասնակցութիւնը՝ Վերահիմնուած Սոցիալիստական Կուսակցութեան 3-րդ Համագումարին

by MassisPost

Շաբաթ, 13 Հոկտեմբեր 2018-ին, Անգարայի «Akar International» հիւրանոցին մէջ տեղի ունեցաւ Վերահիմնուած Սոցիալիստական Կուսակցութեան (ՎՍԿ) 3-րդ համագումարը: Համագումարին կը մասնակցէին Լիբանանէն, Սուրիայէն, Թունուզէն եւ այլ երկիրներէ հիւր կուսակցութիւններ, որոնց շարքին էր նաեւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը:

Համագումարին Ս.Դ.Հնչակեան Կուսակցութիւնը կը ներկայացներ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկեր Ալեքսան Քէօշկէրեանը։ 300 հոգիէ աւելի  ներկաներու գտնուած դահլիճին մէջ կախուած էին պաստառներ եւ երկար անուանացանկ մը, որուն վրայ գրուած էին համաշխարհային սոցիալիստական շարժման ականաւոր եւ վաստակաւոր մարդկանց անունները, որոնց առաջին շարքերուն վրայ դասուած էր Փարամազի անունը:

Հնչակեան կուսակցութեան ներկայացուցիչ ընկեր Քէօշկէրեան ամբիոն մօտեցաւ ներկաներու բուռն ծափողջոյններով, ընկերը արաբերէնով եւ հայերէնով ողջունելէ ետք ներ կաները, իր խօսքը շարունակեց թրքերէնով, որ քանի մը ան գամ ներկաներու ծափողջոյններով ընդհատուեցաւ:

Ապա հիւրերը այցելեցին Ժողովուրդներու Դեմոկրատական Կուսակցութեան կեդրոնատեղին, ուր տեղի ունեցաւ հանդիպում ԺԴԿ-ի ղեկավարութեան հետ:

Ժողովուրդներու Դեմոկրատական Կուսակցութեան կողմէ ներկայ էին կուսակցութեան պատուոյ նախագահ Էրթուղրուլ Քիւրքճիւ, Աղրը` Արարատ նահանգի երեսփոխան Տիլան Թաշտեմիր, Ատանայի` Կիլիկիոյ երեսփոխան Թիւլայ Հաթիմօղուլարը, Վանի նախկին երեսփոխան եւ ԺԴԿ -ի արտաքին յարաբերութիւններու ներկայացուցիչ Նազմի Կիւր:

Ընկեր Քէօշկէրեան խօսքը սկսաւ դիմելով Էրթուղրուլ Քիւրքճիւյին, զայն շնորհաւորելով Եւրոպայի ձախակողմեան խորհրդարանականներու պատուաւոր անդամ ընտրուելուն առիթով: Խօսքը ուղղելով Թիւլայ Հաթիմօղուլարին, ըսաւ. «Սիրելի բարեկամուհի, մենք քանի մը տարուան ծանօթներ ենք, դուք այսօր Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ միակ արաբ ալաւի ներկայացուցիչն էք, կ՛ուզեմ ձեզի յիշեցնել, որ այդ շրջանը, որ դուք կը ներկայացնէք, այդ աթոռը 107 տարի առաջ եղած է հնչակեան երեսփոխանին` Համբարձում Պոյաճեանի աթոռը, այսօր եւս մեր նահատակ ընկերոջ պահանջները կը մնան այժմէական: Դուք բարոյական պարտք մը ունիք հայերուս հանդէպ, ճիշդ է որ ես իրաւունք չունիմ Թուրքիոյ ներքին գործերուն միջամուխ ըլլալու»: Այստեղ ընկերոջ խօսքը ընդհատեց Նազմի Կիւր, ըսելով. «Որպէս յեղափոխական, այդ իրաւունքը արդէն վաստակեր էք»: Ընկեր Քէօշկէրեան իր խօսքը շարունակելով ըսաւ. «Այսօր Թուրքիոյ ներքին պայմանները շատ նման են 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան նախօրէին. յոյսով եմ, որ նոր ցեղասպանութիւններու ականատես չենք դառնար այլեւս»։ Ընկերոջ յուզական խօսքերը մեծ գոհունակութեամբ ընդունուեցան ներկաներուն կողմէ եւ անոնք իրենց ողջոյնները փոխանցեցին Հնչակեան կուսակցութեան:

sykp-alex

Ստորեւ թարգմանաբար կը ներկայացնենք Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական Վարչութեան ողջոյնի խօսքը, ուղղուած ՎՍԿ-ի 3րդ համագումարին, փոխանցուած Ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեանի կողմէ։

Յարգելի բարեկամներ, սիրելի ընկերներ,

Այս հողատարածքի ամէնէն հին սոցիալիստական կուսակցութիւններէն` Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ, ընդունեցէք մեր ողջոյնները եւ յարգանքները:

Յարգելի բարեկամներ,

Թոյլ տուէք խօսքս սկսիլ Վերահիմնուած Սոցիալիստական Կուսակցութեան (ՎՍԿ) հիմնադիրներէն` Մուսթաֆա Քահիայի խօսքերով, որուն յիշատակին առջեւ յարգանքով կը խոնարհինք այսօր: Այս խօսքերը ան արտասանած էր Անտիոքի շրջանի կուսակցական մասնաճիւղի բացման ժամանակ. «ՎՍԿ-ն այս հողերուն վրայ ապրած սոցիալիստներու փորձառութիւններու վրայ հիմնաւորուած խմբաւորումներու քով-քովի գալով նոր կուսակցութիւն մը չէ. այլ 1915 թուականին Պայազիտի հրապարակին վրայ հայ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Փարամազի «մեր գաղափարը սոցիալիզմն է» ըսելով կախաղան բարձրանալը չմոռցողներու, Մուսթաֆա Սուպհիի եւ իր 15 ընկերներուն Սեւ ծովուն մէջ սպանութիւնը չմոռցողներուն, Դոկտ. Հիքմաթ Քըվլճմլըն չմոռցողներուն, Պեհիճէ Պորանին, Տենիզ Կէզմիշին, Մահիր Չայանին եւ Իպրահիմ Գայփաքքայան չմոռցողներուն, անոնց յիշատակին տէր կանգնողներուն եւ անոնց աստղեր դարձնողներուն, զանոնք որպէս ընդհանուր արժէքներ ընդունողներուն կուսակցութիւնն է` Վերահիմնուած Սոցիալիստական Կուսակցութիւնը»:

Սիրելի բարեկամներ,

Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն տեղի ունեցած դէպքերուն հետեւանքով, մեր կուսակցութեան ճակատագիրը միացած է մեր ժողովուրդի ճակատագրին. 1915-ի Ցեղասպանութեան եւ բռնագաղթի պատճառով, Հնչակեան կուսակցութիւնը եւս արմատախիլ եղած եւ ոչնչացած է իր պապենական հողերէն: Սակայն, մօտ հարիւր տարի անց, ՎՍԿ-ի մեր կուսակցութեան գործունէութեան տէր դառնալուն շնորհիւ, արդար հատուցում տուած եղաւ Հնչակեան կուսակցութեան տարած պայքարներուն եւ յանուն աշխատաւոր դասակարգի փրկութեան համար թափած արեան, ինչպէս նաեւ Օսմանեան կայսրութեան ժողովրդավարացման համար անոր տարած գործունէութեան: Այսպիսով, հայ ժողովուրդի եւ այլ ճնշուած ժողովուրդներուն փրկութեան համար աստղեր դարձած նահատակներուն իրաւունքը տուած եղաք: Այս առիթով, մեր ընկերական ողջոյնը եւ շնորհակալութիւնը կը յայտնենք ՎՍԿ-ին, յոյս ունենալով, որ Թուրքիոյ բոլոր յառաջադէմ, դեմոկրատ, սոցիալիստ եւ մարդու իրաւունքներու հաւատացող անհատները կ՛ընդունին մեր այս հողերուն վրայ հազարամեակներ ապրած ըլլալու փաստը եւ կը ճանչնան մեր ունեցած վաստակը, եւ այս անտեսումին վերջ դնելու համար կը միանան մեր պայքարին:

Յարգելի բարեկամներ,

Միջին Արեւելքը, եւ յատկապէս Սուրիան, այս օրերուն կ՛անցնի շատ զգայուն եւ ողբերգական ժամանակաշրջան մը. տարբեր-տարբեր վերնագիրներու եւ անուններու տակ շարունակուող եւ վերջ չունեցող այս պատերազմին հետեւանքով, տարածաշրջանի ամէնէն զարգացած երկիրներէն մէկը հանդիսացող Սուրիան այսօր փլատակներու կոյտի մը վերածուած է, քանդուած է տնտեսութիւնը, Սուրիոյ ժողովուրդին արեամբ եւ քրտինքով կառուցուած հիմնարկները, հարիւր հազարաւոր բանուորներու աշխատած գործարանները եւ երկրին հարստութիւնը կազմող հիմնարկութիւնները քանդուած են: Իսկ այս բոլորին մէջ ամէնէն ցաւալին՝ անվերականգնելի կեանքի կորուստներն են. պատերազմի քօղին տակ իրականացած եղեռնագործութիւններու հետեւանքով հարիւր հազարաւոր անմեղ զոհերու կեանքերը ինչո՞վ կարելի է չափել, արդեօք կարելի՞ է վերադարձնել անոնց կեանքերը. ցաւօք սրտի, ո՛չ:

sykp3

Բնականաբար, Սուրիոյ պատերազմը իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ ողջ տարածաշրջանին վրայ, տնտեսական, քաղաքական, ռազմական եւ տարբեր ընկերային ոլորտներուն մէջ: Միլիոնաւոր մարդիկ իրենց հայրենիքէն, գիւղերէն եւ տուներէն բռնագաղթուած, դրացի երկիրներուն մէջ թշուառ պայմաններու տակ կը փորձեն գոյատեւել. իմ ապրած 10,452 քմ կազմող փոքրիկ Լիբանանին մէջ 500.000 պաղեստինցի գաղթականներ ապաստան գտած էին, ասոնց եկան միանալու մօտ մէկուկէս միլիոն սուրիացի փախստականներ: Այսինքն այսօր Լիբանանի մէջ համարեա լիբանանցի բնակչութեան հաւասար գաղթականներ կ՛ապրին: Սուրիացիներուն մեծ մասը աժան աշխատոյժ կազմելով, աւելի կը դժուարացնեն արդէն իսկ ծանր պայմաններու մէջ ապրող լիբանանցի աշխատաւորին կեանքը: Սուրիացիներու մրցակցութիւնը պատճառ կը դառնայ, որ երկու եղբայր ժողովուրդներու միջեւ ստեղծուած լարուածութիւնը վերածուի անհանդուրժողականութեան զգացումներու: Ուրիշներու պատերազմին զոհ գացած փախստականները այս անգամ իրենց հիւրընկալող երկիրներու մէջ կ՛ենթարկուին խտրականութեան եւ թշնամանքի տարբեր արտայայտութիւններու: Այս մարդկային ողբերգութիւններէն միակ օգտուողները՝ չվերջացող պատերազմները հրահրող, ժողովուրդներու, կրօններու եւ ազգերու միջեւ ատելութիւն եւ նենգութիւն տարածող, մութ եւ կայսերապաշտական ուժերն են: Այս ուժերը, անզօր ժողովուրդներուն երկիրները քանդելով եւ շահագործելով, կ՛աղքատացնեն անոնց, կը տիրանան անոնց հարստութիւններուն եւ օրէ օր իրենց դրամագլուխները կ՛ուռճացնեն:

Տարբեր կազմակերպութիւններու եւ անուանումներու տակ գործող այս ուժերը երբեմն իսլամական կրօնքին անունը գործածելով, երբեմն քրիստոնեաները պաշտպանելու պատրուակով, մէկ ազգը միւս ազգին գերակայ դասելու նպատակով, ժողովուրդները իրարու դէմ թշնամացնելու կ՛աշխատին. այս կործանարար ուժերուն դէմ պայքարի առաջին պատնէշին վրայ պէտք է գտնուինք մենք` սոցիալիստներս, դեմոկրատներս եւ յառաջդիմական մտաւորականութիւնը: Ամէն տեսակի խտրականութեան դէմ պէտք է քաջալերենք հանդուրժողականութիւնը. մարդը մարդ ըլլալուն համար պէտք է արժեւորենք, առանց կարեւորութիւն տալու անոր մաշկի գոյնին, սեռին, կրօնին եւ ազգութեան:

Չարիքներով լեցուն այս օրերուն շատ դժուար պայմաններու տակ կ՛ապրինք ամէնուրեք եւ յատկապէս Թուրքիոյ մէջ, յաճախ մեր մտածելակերպը հանդուրժողութեամբ չընկալողներուն բիրտ եւ արտակարգ հակադարձութեան թիրախ կը դառնանք: Ասոր օրինակները հաշուելով չ՛աւարտիր, սակայն ինչքան բիրտ եւ ցաւոտ ըլլան հարուածները, մեզ չեն կրնար շեղել մեր հաւատացած գաղափարներէն եւ ընտրած ճանապարհէն:

Այսօր, այստեղ պատիւը ունիմ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան համաշխարհային Կեդրոնական Վարչութեան անունով՝ Վերահիմնուած Սոցիալիստական Կուսակցութեան երրորդ համագումարին յաջողութիւններ մաղթելու, եւ իմ ողջոյնի խօսքս ինչպէս որ սկսայ Մուսթաֆա Քահիային Անտիոքի խօսքերով, կը փակեմ՝ ըսելով. «Ձեր ճամբան բաց թող ըլլայ, կեցցէ՛ յեղափոխութիւնը, կեցցէ՛ սոցիալիզմը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment