Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Հանդիպումը Արցախի Փոխ-Վարչապետ Արթուր Աղաբէկեանի Հետ

Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Հանդիպումը Արցախի Փոխ-Վարչապետ Արթուր Աղաբէկեանի Հետ

by MassisPost

Հարաւային Գալիֆորնիա   կը գտնուի Արցախի փոխ վարչապետ Արթուր Աղաբէկեան, Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի տեղական վարչութեան հրաւէրով: Այս առիթով Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, Նոյեմբերի 19-ին 2016, հանդիպում մը ունեցաւ Արցախի հանրապետութեան փոխ վարչապետին հետ, Կլենտէյլի «Հիլթոն» պանդոկին մէջ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Գաբրիէլ  Մոլոյեան, Սուրէն Խուտանեան, Տօքթ. Արշակ Գազանճեան եւ Վահէ Աջապահեան:

Սոյն հանդիպման ներկայ էին նաեւ Արցախի Թեմի առաջնորդ  Գերշ. Պարգեւ Արքեպս. Մարտիրոսեան,  Ուշաինկթընի մօտ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Լոս Անճելոսի փոխ հիւպատոս Ռազմիկ Ստեփանեան:

Տեսակցութեան սկիզբը փոխ վարչապետը  ներկաները ողջունելէ ետք, հանգամանաօրէն անդրադարձաւ չորսօրեայ պատերազմին առիթով Արցախի ժողովուրդի եւ պաշտպանութեան բանակի մարտունակութեան ու քաջարի կեցուածքի մասին, որուն նպատակն է պահպանել մեր պապենական հողերու անվտանգութիւնն ու ազատութիւնը: Ան միաժամանակ նշեց նաեւ շրջանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու շեշտեց որոշ կառոյցներու  համար ըլլալիք օժանդակութեանց անհրաժեշտութիւնը:  Ա©. Աղաբէկեան գոհունակութեամբ անդրադարձաւ նաեւ Ֆրանսայի եւ Հայաստանի Հնչակեան կուսակցութեան պատասխանատուներու կողմէ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի վաղորդայնին ցուցաբերուած արագ եւ կենսական օժանդակութեանց մասին:

Ս.Դ.Հ.Կ. Արեւմտեան Ամերիկայի  Վարիչ Մարմնի փոխ ատենապետ ընկ. Գաբրիէլ Մոլոյեան ողջունելէ ետք փոխ վարչապետի բարենպատակ ներկայութիւնն այս գաղութէն ներս, անդրադարձաւ Ս.Դ.Հ.Կ.  Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութեան վերջերս Արցախ կատարած այցելութեան մասին: Անոնք  շահեկան հանդիպումներ ունեցած էին Արցախի Հանրապետութեան նախագահին ու առողջապահութեան նախարարին հետ եւ  միասնաբար մշակած էին յետագայ օժանդակութեանց ծրագիրները: Արդարեւ Ս.Դ.Հ.Կ. անվերապահօրէն կը զօրակցի Արցախի պետականութեան ու ժողովուրդին:

Աւարտին Պրն. Արթիւր Աղաբէկեան Ղարաբաղեան շարժումի 25-ամեակի յուշամետալով պատուեց Հնչակեան պատուիրակութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment