Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ 3.4 Միլիոն Տոլար Հանգանակուած Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Հարիւրամեակի Մեկնարկի Ճաշկերոյթին

3.4 Միլիոն Տոլար Հանգանակուած Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Հարիւրամեակի Մեկնարկի Ճաշկերոյթին

by MassisPost

Շաբաթ Հոկտեմբեր 8-ի երեկոյեան, Լոս Անճելըսի Jonathan Club-ի մէջ, աւելի քան 300 հիւրեր հաւաքուած էին  նշելու Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) Որբերու եւ Մանուկներու Խնամակալութեան Յանձնախումբի 25-ամեակը։ Ճաշկերոյթի համա-ատենապետներ Կէրի Ֆիլիփս եւ Ճէք Մընչէրեան, բարի գալուստ մաղթեցին ներկաներուն եւ օրուան հանդիսավար Փօլ Գալեմքէրեան, տօնական տրամադրութեամբ վարեց երեկոն։ Ճաշկերոյթի հովանաւորներու առատաձեռն նուիրատուութեամբ նոյն գիշեր ԱՀԱԸ-ի հարիւրամեակի մեկնարկին գոյացաւ շուրջ 3.4 միլիոն տոլարի գումար մը։

Տօքթ. Լիզա Գարամարտեանի հոգեւոր խորհրդածութենէն եւ աղօթքէն ետք ԱՀԱԸ-ի Նախագահ Տօքթ. Նազարէթ Տարագճեան համառօտ կերպով ներկայացուց Ընկերակցութեան Հարիւրամեակի Մեկնարկը եւ 20 միլիոն տոլարի մարտահրաւէրը։

Կրէկ Հոշարեան քառեակը ճոխացուց երեկոն իրենց ներկայացուցած Հայկական դասական եւ ժողովրդական երաժշտութեամբ։ Թինա Սէկէլի արտադրած եւ պատրաստած տեսահոլովակը ամփոփ կերպով ներկայացուց ԱՀԱԸ-ի Որբերու եւ Երեխաներու Խնամակալութեան հիմնադիր անդամները՝ հիմնուած 1991-ին։ Յատուկ յիշատակութեամբ ներկայացուեցան  Յանձնախումբի հիմնադիր անդամները՝ Ճոյս Ապտուլեան, Էլիզապէթ Աղպապեան, Հերմինէ Ճանոյեան, Կրէյս Քիւրքճեան, Մէյրի Նաճարեան, Ճոյս Սթայն եւ Սավի Թիւֆէնքեան (Լոս Անճելըս), Ռոզէթ Թութիկեան (Տիթրոյտ),  Միշէլ Սիմուրեան (Պոսթոն), Ժիւլիէթ Վարդանեան Ապտուլեան (Շիքակօ) եւ Մէրի Ճէյն Հէքէմեան (Նիւ Եորք/Նիւ Ճըրզի)։

ԱՀԱԸ-ի Գործադիր Տնօրէն Զաւէն Խանճեան կատարեց զգայացունց յայտարարութիւնը՝ Հարիւրամեակի Մեկնարկի մարտահրաւէրին երեք միլիոն տոլարի նուիրատութիւններուն՝ Բժիշկներ Նազարէթ եւ Անի Տարագճեան, Փիլիպոսեան եւ Քոնթէ Հիմնարկ եւ նուիրատու մը որ կը հաստատէր «Բաբկեն եւ Հէլէն Մկրտիչեան» Հիմնադրամը։ Ան իր յատուկ շնորհակալութիւնը յայտնեց  հիմնադիր անդամներուն, «…որոնց խիզախ եւ յառաջապահ արարքը 25 տարիներ առաջ, պատմութիւն կերտեց, անկիւնադարձ մը յառաջացնելով ԱՀԱԸ-ի, ինչպէս նաեւ Մայր Հայրենիք՝ Հայաստանի ընթացքին»։  «Այս նախաձեռնութիւնը եղաւ այն վստահելի եւ բարեհամբաւ հիմը, որու վրայ Հայաստանի 25 տարիներու անկախութեան ընթացքին ԱՀԱԸ-ը կառուցեց բարեսիրութեան հսկայ հիմնարկ մը երկրի ամբողջ տարածքին» եզրակացուց ան։

Ճոյս Սթայն, Միացեալ Նահանգներու Որբերու եւ Մանուկներու Խնամակալութեան Յանձնաժողովի համա-ատենապետը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց այն տաղանդաւոր կանանց  իւրայատուկ ջանքերուն համար, որով կարելի

դարձած էր իրենց կազմակերպած տարեկան հաւաքոյթները՝ մանուկներու տարազներու ցուցադրութեան եւ աճուրդներու, որոնց որպէս արդիւնք տարիներու ընթացքին հանգանակուած էր աւելի քան հինգ միլիոն տոլար։ Յանձնաժողովի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի համա-ատենապետներ՝ Լորի Մընչերեան եւ Արսինէ Ֆիլիփս պատուեցին Յանձնաժողովի բոլոր անդամները՝ անոնց յանձնելով շրջանակի մէջ առնուած գծագրութիւններ պատրաստուած յատկապէս այս նպատակին համար Հայաստանի մանուկներու կողմէ։

Ճաշկերոյթի հանդիսավար Պր. Գալեմքէրեան հրաւիրեց բոլոր ներկաները որպէս փակման օրհներգ երգելու God Bless America հանրածանօթ երգը։ Երեկոն իսկապէս յաջողութեամբ լեցուն էր ամէն մակարդակի վրայ՝ արժանի գնահատանք եւ ամուր հիմերու վրայ դրուած Ընկերակցութեան Հարիւրամեակի Մեկնարկ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment