Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետ Կարէն Կարապետեան «Մեր Տնտեսական Վիճակը, Շատ Ծանր է»

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան «Մեր Տնտեսական Վիճակը, Շատ Ծանր է»

by MassisPost

«Իրապէս, մեր տնտեսական վիճակը, շատ ծանր է»,- այսօր Ազգային ժողովի հարց-պատասխանի ժամանակ յայտարարեց Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան։

«Պէտք է հասկնալ, որ եթէ կ΄ուզենք մեր տնտեսութեան մէջ փոփոխութիւններ ընել, պէտք է համակարգային փոփոխութիւններ ըլլան»,- ըսաւ վարչապետը՝ շարունակելով.- «Ժամանակ պէտք է, որպէսզի մենք որոշենք, թէ որ ուղղութեամբ պիտի տանինք մեր երկիրը, եւ սպասելիքներ, որ մենք շատ արագ մեր տնտեսութիւնը կը փոխենք, չկան, բայց մենք նշաններ կու տանք, թէ մեր տնտեսութիւնը, որ ուղղութեամբ պիտի զարգանայ: Այն ուղղութեամբ, որ մենք ստեղծենք առաւելագոյն բարենպաստ պայմաններ յաւելեալ արժէք ստեղծողին »,- ըսաւ Կարեպետեան։

«Բոլոր չափանիշերով երջանիկ, լաւ ապրող երկրները անոնք են, որտեղ գործարար մարդը, ստեղծագործ մարդը, յաւելեալ արժէք ստեղծող մարդը,  ինքզինք երջանիկ կը զգայ։ Արտադրանք՝ նաֆթ, գազ, եւայլն ունեցող երկիրները ասոնց մաս չեն կազմեր», աւելցուց ան:

Անդրադառնալով կառավարութեան կազմի ընտրութեան, Կարապետեան ըսաւ, որ զայն պիտի ընտրեն առաւելագոյն մասնագիտական ձեւով։ «Կուսակցական պատկանելիութիւնը դեր պիտի խաղա՞յ, թէ՞՝ ոչ։ Եթէ խումբը մասնագիտական է, ուրեմն լաւ է։ Լաւ խումբերու պակաս կայ Նիու Եորք, Լոնտոն, Մոսկուա եւ իհարկէ Երեւան»,- ըսաւ Կարապետեան։

«Եթէ երկու կամ եօթ ամիս յետոյ «Սուրգութ նաֆթեգազ» կամ «Ինտեր ՌԱՈ ԵԷՍ» ռուսական ընկերութիւններէն որեւէ մէկը, օրինակ, առաջարկէ տնօրէններու խորհուրդի աշխատանք՝ ենթադրենք 50-60-70 հազարէն աւելի տոլարի համարժէք ռուսական ռուբլի աշխատավարձով, Դուք կը համաձայնի՞ք եւ կը փոխէ՞ք Ձեր աշխատանքի վայրը»,- վարչապետին հարցուց պատգամաւոր Տիգրան Ուրիխանեան։

Կարէն Կարապետեան պատասխանեց.- «Ձեր հարցէն կ΄ենթադրեմ, որ ես քաղաքապետի պաշտօնէն գացած եմ այլ բարձր աշխատավարձով աշխատանքի։ Բայց, եթէ կը յիշէք, հարցազրոյցիս մէջ, այդպէս չէ նշուած, այսօր ես տեղափոխուած եմ Հայաստանի վարչապետի պաշտօնին, եկամուտներու տեսակէտէն, շատ աւելի ցած աշխատավարձով»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment