Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ազրպէյճան կը Խախտէ Զինադադարի Համակարգը

Ազրպէյճան կը Խախտէ Զինադադարի Համակարգը

by MassisPost

Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպշիկի հետ հանդիպման, ԼՂ նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Դաւիթ Պապայեանի փոխանցմամբ, բարձրացուցած են յարաբերական գիծի սահմանային միջադէպերու հետաքննութեան ներդրման հարցը:

Կասպշիկը երէկ Ստեփանակերտի մէջ, հանդիպում ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ, քննարկուած են՝ յարաբերական գիծին տիրող իրավիճակին առնչուող հարցեր։ Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, ղարաբաղեան կողմը վերահաստատած է իր դիրքորոշումը՝ հակամարտութիւնը խաղաղ ճանապարհով լուծելու վերաբերեալ։

Դաւիթ Պապայեան նշեց, որ այսօր ԵԱՀԿ առաքելութիւնը ծրագրային դիտարկում կ΄անցընէ Ֆիզուլիի ուղղութեամբ․- «Հիմնական խնդիրը անոր մէջ է, որ մենք բազմաթիւ անգամ նշած ենք, որ կողմնակից ենք, որպէսզի զինադադարի համակարգը անվերապահօրէն պահպանուի: Նամանաւանդ, որ այդ եղած է միջազգային պայմանագիր, եւ այդ պայմանագիրը որեւէ մէկը չէ բեկանած: Գիտէք, որ Ազրպէյճանը փորձեր կը կատարէր, բայց չի յաջողեցաւ: Եւ ճիշդ այդ էր, որ նման քայլեր ձախողին»:

Ղարաբաղի իշխանութիւնները նաեւ՝ առաջարկած են ընդլայնել յարաբերական գիծի պարբերաբար ընթացող մշտադիտարկումները։

Ղարաբաղցի պաշտօնեայի խօսքով, Կասպշիկը կ΄ընդունի իրենց այս առաջարկի անհրաժեշտութիւնը․- «Այս պահին, իհարկէ, կը պայմանաւորուին, որոշ տեղեր կրնան չի կրակել, իսկ ուրիշ տեղեր, Ազրպէյճան կը խախտէ զինադադարի համակարգը»:

ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Կասպշիկի հետ հանդիպման Ղարաբաղի իշխանութիւնները կրկին պնդէր են, իրենց առաջարկը՝ վերականգնել պաշտօնական Ստեփանակերտի մասնակցութիւնը աւելի քան 2 տասնամեակ տեւող կարգաւորման բանակցութիւններուն:

«Կասպշիկը նոյնպէս կը հասկանայ, որ առանց Արցախի հնարաւոր չէ կարգաւորել հիմնախնդիրը»,- ըսաւ Պապայեան՝ փոխանցելով, որ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին հետ հանդիպման, Բակօ Սահակեան վերահաստատէր է տարիներ առաջ իրենց ըրած այն հիմնական երեք մօտեցումները, որոնք թոյլ կու տան պահպանել յարաբերական խաղաղութիւնը՝ յարաբերական գիծի ընդմէջէն։ Խօսքը, մասնաւորապէս, կը վերաբերի յարաբերական գիծի Ազրպէյճանի կողմէ դիպուկահարներու հեռացման, տօնական օրերուն հրադադարի պահպանման եւ յարաբերական գիծի երկայնքով երկու կողմերու հրամանատարական կազմի ներկայացուցիչներու միջեւ նախապէս եղած կապի վերականգնման։

Քաղաքական վերլուծաբան Մանուէլ Սարգսեան դրական կը գնահատէ ԵԱՀԿ-ի պաշտօնեայի ցանկացած այց հակամարտութեան գօտի: Ան կը նշէ, որ ապրիլեան պատերազմէն յետոյ ստեղծուած իրավիճակը, երբ Մինսկի խումբը վկայակոչեց 94-95 թուականներու պայմանագրերը, հայկական կողմը պէտք է բանակցի միայն մէկ խնդրի շուրջ՝ վերականգնել 94 թուականի յարաբերական գիծը․ – «Ապրիլեան պատերազմէն յետոյ մենք կրնանք կա՛մ չի բանակցիլ, պայման դնել, որ Ազրպէյճանը վերադառնայ նախկին յարաբերական գիծ, կա՛մ բանակցինք միայն այդ հարցով: Որ ան խաղաղ ճանապարհով վերադառնայ: Եթէ մենք նման քաղաքականութիւն որդեգրենք, կրնայ աշխարհը մեզ պաշտպանել»:

Մանուէլ Սարգսեանի գնահատմամբ, ապրիլեան պատերազմէն յետոյ Ազրպէյճանը զգուշ դարձած է, մինչդեռ հայկական կողմը անկէ  չ΄օգտուիր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment