Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Մատրիտեան Սկզբունքները Պէտք է Վերանայուին. Շաւարշ Քոչարեան

Մատրիտեան Սկզբունքները Պէտք է Վերանայուին. Շաւարշ Քոչարեան

by MassisPost

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման Մատրիտեան սկզբունքները պէտք է վերանայուին: «Արմենփրէս»-ի փոխանցմամբ` նման յայտարարութեամբ, Սեպտեմբեր 15-ին, լրագրողներու հետ զրոյցին հանդէս եկաւ՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ՝ Շաւարշ Քոչարեանը:

Ըստ անոր` ապրիլեան դէպքերէն յետոյ անհրաժեշտութիւն առաջացած է լրջօրէն վերանայիլ այն փոխզիջումներուն, որոնք տեղ գտած էին Մատրիտեան սկզբունքներուն մէջ:

«Այնտեղ կար Արցախի մէջ յետաձգուած հանրաքուէ անցընելու մասին դրոյթ: Անոր նպատակն էր, որ այդ ժամանակահատուածի ընթացքին, Պաքու պէտք է նախապատրաստէ իր հասարակութեան այն մտքին, որ Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանի կազմին մէջ պիտի չ΄ըլլայ: Բայց այդ ժամանակը ան օգտագործեց ապրիլին այլ նպատակով: Այդ իրավիճակին բանակցային ո՛չ գործընթաց, ո՛չ առաջընթաց չի կրնար ըլլալ: Ամէն ինչ կախուած է պայմանաւորուածութիւնները կեանքի կոչելէն: Կը քննարկուի, թէ պէտք է հրադադարի համակարգը ամրապնդուի, վերջ դրուի ատրպէյճանական քանդումներուն, աւելնան ԵԱՀԿ առաքելութեան լիազօրութիւնները»,- ընդգծեց ՀՀ ԱԳ նախարարի տեղակալը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment