Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ընտրական Օրէնսգրքի Շուրջ Գոյացած է Նոր Համաձայնութիւն

Ընտրական Օրէնսգրքի Շուրջ Գոյացած է Նոր Համաձայնութիւն

by MassisPost

Յառաջիկայ խորհրդարանական  ընտրութիւններու վերահսկողութիւնը  ապահովելու նպատակաւ Ազգային ժողովի կողմէ վաւերացուած նախկին որոշումի չեղեալ յայտարարումէն ետք, իշխանութեան եւ ընդդիմադրութեան միջեւ գոյացած է նոր համաձայնութիւն`  ընտրացուցակներու հրապարակման եւ ամբողջ ընտրական գործընթացը նկարահանելու եւ ուղիղ սփռելու կապակցութեամբ:

Ազգային Ժողովի  աշնանային նստաշրջանի սկզբնաւորութեան,  ՀԱԿ խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրապեան յայտարարեց, որ անհրաժեշտ է արագացնել Ընտրական Օրէնսգրքի շուրջ ձեռք ձգուած համաձայնագրի վերջնական ստորագրումը:

Զուրապեան աւելցուց, որ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները արդէն հաւանութիւն տուած  են Ազգային ժողովի 5 խմբակցութիւններու կողմէ Ընտրական Օրէնսգրքի շուրջ նախաստորագրուած համաձայնութեան:

Ընտրական գործընթացները դիտարկող 4 յայտնի հասարակական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները,  Սեպտեմբեր 13-ին   տարածած յայտարարութեամբ դրական գնահատեցին ձեռք ձգուած համաձայնութիւնը ու երկխօսութիւնըª քաղաքացիական հասարակութեան հետ: Միեւնոյն ժամանակ անոնք շեշտեցին, որ նախաստորագրուած  փաստաթուղթին մէջ ամրագրուած փոփոխութիւնները ՚անհրաժեշտ, սակայն ոչ  բաւարար պայման են` երաշխաւորելու, որ ընտրութիւնները անցնին ազատ եւ արդարՙ:

«Ամբողջ Ընտրական Օրէնսգիրքը  բազմաթիւ խութեր եւ ապառաժներ ունի, բայց կասկածելի չէ, որ պէտք է գնահատուի որպէս դրական քայլ, եւ պէտք է այսօրինակ համաձայնագրերը, մասնաւորապէս այս համաձայնագիրը ողջունուի»,-  ըսաւ «Իրաւունքի Եւրոպա» կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Տիգրան Եգորեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment