Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ 2008, Մարտ 1-ի Դատի Բացայայտումը՝ Հայաստանի Գլխաւոր Դատախազութեան Գերագոյն Խնդիրներէն Մէկը

2008, Մարտ 1-ի Դատի Բացայայտումը՝ Հայաստանի Գլխաւոր Դատախազութեան Գերագոյն Խնդիրներէն Մէկը

by MassisPost

ՀԱԿ խմբակցութեան քարտուղար Արամ Մանուկեանի հարցին պատասխանելով, Հայաստանի գլխաւոր դատախազի տեղակալ, գլխաւոր դատախազի պաշտօնի յաւակնորդ Արթիւր Դաւթեանը Սեպտեմբեր 13-ին, խորհրդարանին յայտնած է, թէ Մարտ 1-ի,   դատի բացայայտումը՝ Հայաստանի Գլխաւոր դատախազութեան գերագոյն խնդիրներէն մէկը կ΄ըլլայ։

Դաւթեանի խօսքով՝ նախկին գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեանը որոշ ընթացակարգային կառուցուածքներ կիրառած էր, որոնք պէտք է ապահովէին հետաքննութեան յետագայ արդիւնաւէտութիւնը։ Ան չէ կասեցուած։ «Մարտ 1-ի դատը, որպէս հասարակութիւնը յուզող կարեւորագոյն դատերէն մէկը, ինծի համար առաջնային կ΄ըլլայ։ Ես դատի բացայայտման եւ անոր ընթացքի մասին հասարակութեան իրազեկման մեծ կարեւորութիւն կու տամ։ Աւելին ըսել դեռ չեմ կրնար, քանի որ նախկին աշխատանքին գործի նիւթերուն հետ չեն առնչուած։ Սակայն այդ իմ ուշադրութեան տակ պահելու»,– վստահեցուց Արթիւր Դաւթեան։

Յիշեցնենք, որ 2008, Մարտ 1-ին, 10 մարդու կեանք խլած՝ իրաւապահ ուժերու եւ ցուցարարներու բախումներու դատը մինչեւ հիմա չէ բացայայտուած։ Մարդկանց մահուան համար մինչեւ հիմա ոչ ոք պատասխան չէ տուած։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment