ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան Նիւ Եորքի մէջ կարեւոր հանդիպումներ պիտի ունենայ օտար ներդրողներու հետ: Այս մասին «Ամերիկայի ձայն»ի յայտնած է Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի ֆոնտի ղեկավար՝ Կարէն Մկրտիչեան: Մկրտիչեան նաեւ ըսած է, թէ հանդիպումը պիտի կայացուի յառաջիկայ հոկտեմբերին Ուալ Սթրիթի մէջ, ուր նախագահ Սարգսեան Ասիական զարգացման դրամատան ներկայացուցիչներու կողքին յատուկ խօսքով հանդէս պիտի գայ:Միջոցառմանը, որ Հայաստանի համար առաջինն է իր տեսակին մէջ եւ միջոցառման իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն yatt Hotels, ABBYY, Reddit, PicsArt եւ շարք մը այլ ընկերութիւններու ղեկավարներ:
Խորհրդաժողովին ներկաներուն պիտի ներկայացուի Հայաստանի արեգակնային ջերմուժի, , երկաթգծային բեռնափոխադրումներու, Հիւսիս-Հարաւ մայրուղիի կառուցման, հանքավայրերու գործարկման, գիւղատնտեսութեան զարգացման ծրագիրներու հեռանկարները ինչպէս նաեւ՝ բարձր տեխնոլոգիաների զարգացման հեռանկարները: