Home ՍՓԻՒՌՔ Քեսապի Մէջ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Զանգերը Օրհնուեցան եւ Տեղադրուեցան

Քեսապի Մէջ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Զանգերը Օրհնուեցան եւ Տեղադրուեցան

by MassisPost

kessab-churchԿիրակի 21 օգոստոս 2016-ին, Պէյրութի թեմի Օգնական Եպիսկոպոս Արհիապատիւ  Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան հովուական այցելութեամբ ժամանած էր Քեսապ, եւ որուն ծիրէն ներս, Քեսապի Սուրբ Միքայէլ եկեղեցւոյ մէջ մատուցած էր հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ եւ ապա կատարած՝  եկեղեցւոյ նոր զանգերուն օրհնութեան կարգը։

Այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ  Սրբազան հայրը անդրադառնալով եկեղեցւոյ նոր զանգերուն  ըսած է. «Սուրբ Միքայէլ եկեղեցւոյ զանգերը պիտի շարունակեն աւելի ուժգին հնչել հրաւիրելու համար  հաւատացեալ ժողովուրդը,  հանդիպելու Աստուծոյ եւ  Անոր հետ  զրուցելու Սուրբ Միքայէլի եւ Աստուածամօր  բարեխօսութեամբ»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment