Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Վախճանած է Ուաշինթընի Պատուակալ Հովիւ՝ Տ. Վրթանէս Աւագ Քհնյ. Գալայճեան

Վախճանած է Ուաշինթընի Պատուակալ Հովիւ՝ Տ. Վրթանէս Աւագ Քհնյ. Գալայճեան

by MassisPost

FrVrtanesKalajianՎախճանած է Ուաշինկթընի պատուակալ հովիւ Տ. Վրթանէս  Աւագ. Քհնյ. Գալայաճեան:  Տէր հայրը, որ հանգստեան կոչուելէ  ետք, որպէս պատուակալ  հոգեւոր հովիւ կը ծառայէր  Ուաշինկթընի  մէջ, ծնած էր Հալէպ 1939–ին: 1953- 1958  Տարիներուն  ուսանած է Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկոսութեան Պիքֆայայի դպրեվանքէն  ներս:  Աւելի ուշ  ան կը փոխադրուի Երուսաղէմ եւ 7 Փետրուար 1960-ին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուելով կը դառնայ Երուսաղէմի  Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան ուխտեալ  կրօնաւորներէն մին:

Մինչեւ 1963 թուական ան տարբեր պաշտօններ կը վարէ Երուսաղէմի Պատրիարաքական աթոռէն եւ կը դասաւանդէ հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասեր տեղի Թարգմանչաց  վարժարանէն ներս: 1963-ին կարճ  ժամանակով մը, որպէս հոգեւոր հովիւ կը ծառայէ իր ծննդավայր Հալէպի մէջ: Տարի մը անց՝ 1964-ին կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ, ուր հովուական պաշտօն կը կատարէ Իլանոյի Սուրբ Գէորգ, Նիւ Ճըրզիի Սուրբ Խաչ  եւ Սուրբ Ստեփանոս եւ Ուաշինկթընի՝ Սուրբ Մարիամ  Աստուածածին   եկեղեցիներուն մէջ: 1967-ին ձեռամբ` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արեւելեան թեմի օրուան   առաջնորդ` Տ. Թորգոմ Արք. Մանուկեանին կը ստանայ վարդապետական   աստիճան: Ամենայն Հայոց  Կաթղիկոս Երջանկայիշատակ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Վազգէն  Կաթողիկոսի բարձրձ հրամանաւ իրաւուք կը ստանայ ամուսնացեալ  քահանայի կարգ ստանալու եւ նոյն  տարին ընտանիք կը կազմէ:

Պարկեշտ եւ նուիրեալ քրիստոնէական  բարձր արժէքներով ապրող Տէր Հայրն ու երեցկին ՝ Անահիտը  կը բախտաւորուին երեք զաւակներով: Քահանայական առաքելութիւնէն  բացի Տ. Վրթանէս Աւագ Քահանայ, որպէս  կրօնաական գործիչ  կը տանի  համայնքային գործունէութիւն եւ  կը կազմակերպէ  քրիստոնէական  եկեղեցասիրաց եւ կիրակնօրեայ վարժարանի  տարբեր աշխատանքներ:

Տարբեր առիթներով, առ ի գնահատանք իր տարած նուիրական առաքելութեան կը ստանայ  պատուոյ գիրեր,  ինչպէս նաեւ   լանջախաչ  կրելու իրաւունք: Յիշեցնենք, թէ վախճանեալ  տէր հայրը  աւագ եղբայրն է Նիւ Եորքաբնակ երկու  նուիրեալ ազգայիններ ՝ Գէորգ եւ Վազգէն Գալայճեաններուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment