Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հրազդանի «Firebird AI» Կեդրոնի Վերաբերեալ Ռուսական Հեռուստաալիքի Գնահատականը Քաղաքականացուած Է. Դաւիթ Թադեւոսեան

Հրազդանի «Firebird AI» Կեդրոնի Վերաբերեալ Ռուսական Հեռուստաալիքի Գնահատականը Քաղաքականացուած Է. Դաւիթ Թադեւոսեան

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան եւ արհեստական բանականութեան նախարար Դաւիթ Թադեւոսեան քաղաքականացուած կը համարէ ռուսական «Վեստի» հեռուստաալիքի հրապարակման մէջ Հրազդանի «Firebird AI» կեդրոնի հնարաւոր հետախուզական նշանակութեան մասին հնչած գնահատականը։ Այս մասին ըսած է ճեպազրոյցի ժամանակ։

«Կարծում եմ՝ դա քաղաքականացուած գնահատական է»,– ըսած է նախարարը։

Լրագրողի հարցումին, թէ արդեօք կեդրոնը կրնա՞յ օգտագործուել հետախուզական նպատակներով, Թադեւոսեան պատասխանած է ինքնաշարժի օրինակով․ այն նոյնպէս հնարաւոր է օգտագործել յանցագործութիւն կատարելու համար, սակայն ատիկա պատճառ չէ ինքնաշարժներու օգտագործումը արգելելու։

Նախարարը միաժամանակ առաջարկած է հնարաւոր վտանգներու վերաբերեալ յստակ տեղեկութիւնները գրաւոր ներկայացնել նախարարութեան։

«Ցանկացած այդպիսի շահարկում կարող է լինել, բայց դա քաղաքականացուած է, դա լուրջ չէ։ Որեւէ փաստի առկայութեան դէպքում ներկայացրէք՝ սիրով նստենք, քննարկենք, հասկանանք»,– ըսած է Թադեւոսեան։

Հարցումին, թէ որքա՞ն է Միացեալ Նահանգներու ներդրումը նախագիծին մէջ, նախարարը պատասխանած է, որ անոր ֆինանսաւորման մասնակցած է հայաստանեան ֆինանսական կառոյցներու ընկերակցութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment