Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Կը Փորձէ Հայաստանի Ու Ատրպէյճանի Միջեւ Տարանցման Համաձայնագիրը Վերածել Ներդրումային Հնարաւորութեան

ԱՄՆ Կը Փորձէ Հայաստանի Ու Ատրպէյճանի Միջեւ Տարանցման Համաձայնագիրը Վերածել Ներդրումային Հնարաւորութեան

by MassisPost

Նախագահ Թրամփի վարչակազմը Նիւ Եորքի մէջ կազմակերպուած յատուկ միջոցառմամբ փորձած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ դիւանագիտական յառաջընթացը վերածել տնտեսական եւ ենթակառուցուածքային նախագիծի՝ մէկ հարկի տակ հաւաքելով տարածաշրջանի բարձրաստիճան դիւանագէտները, ամերիկացի պաշտօնեաները եւ
աւելի քան 40 ընկերութիւններու ղեկավարները՝ քննարկելու «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» (TRIPP) նախագիծի յաջորդ քայլերը։

ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցած միջոցառման մասնակցած են ԱՄՆ նախագահի յատուկ բանագնաց Սթիվ Ուիթքոֆը, Մոնթանայէն հանրապետական ծերակուտական Սթիվ Տէյնսը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Վրաստանի եւ Կեդրոնական Ասիոյ հինգ պետութիւններու ներկայացուցիչներ։

Քննարկումներու առանցքին TRIPP-ը 2025 թուականի Օգոստոսին Սպիտակ տան մէջ ձեռք բերուած քաղաքական համաձայնութենէն գործնական՝ իրականացման փուլ տեղափոխելն էր՝ ներառեալ ֆինանսաւորումը, հաստատութենական մեխանիզմներու ձեւաւորումն ու ենթակառուցուածքներու ծրագրաւորումը։

Ուաշինկթընը TRIPP-ը կը պատկերացնէ որպէս Հայաստանի հարաւով անցնող բազմաձեւ միջանցք, որ Ատրպէյճանը պիտի կապէ Նախիջեւանի Ինքնավար հանրապետությեան հետ՝ միաժամանակ ձեւաւորելով արեւելք-արեւմուտք աւելի լայն կապ Հարաւային Կովկասի, Կեդրոնական Ասիոյ եւ արեւմտեան շուկաներուն միջեւ։

Կը նախատեսուի, որ Հայաստանի տարածքով անցնող՝ 43 քիլոմեթրէն քիչ մը պակաս երկարութեամբ հատուածը պիտի ներառէ երկաթուղի, մայրուղիներ, ուժանիւթային ենթակառուցուածքներ եւ թուային կապուղիներ։ Սակայն ամերիկացի
պաշտօնեաները ընդգծած են, որ շինարարութիւնը դեռ չէ սկսած, եւ նախ անհրաժեշտ է աւարտել տեխնիկատնտեսական ուսումնասիրութիւնները։ Վարչակազմը կ’ակնկալէ մինչեւ 2026 թուականի վերջ կամ 2027-ի սկիզբ սկսիլ նախագիծին մէջ ներգրաւուելիք ընկերութիւններուն եւ ներդրումային հնարաւորութիւններուն որոնումը։

ԱՄՆ նախագահի յատուկ բանագնացը, սակայն, ընդգծած է՝ նախագիծը պարզապէս փոխադրութեան կապ չէ, այլ՝ խաղաղութեան գործընթացի տնտեսական շարունակութիւն։ Սթիվ Ուիթքոֆ շեշտած է՝ գործընթացը յառաջ շարժած է, երբ Տոնալտ Թրամփ անձամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները մղած է համաձայնութեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment