Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Starlink-ը Հայաստանին Նուիրաբերած Է Եւս 56 Սարքաւորում

Starlink-ը Հայաստանին Նուիրաբերած Է Եւս 56 Սարքաւորում

by MassisPost

Starlink-ը Հայաստանին նուիրաբերած է եւս 56 սարքաւորում՝ արտակարգ իրավիճակներու մէջ համացնցային կապի կայունութիւնը ամրապնդելու նպատակով: Ֆէյսպուքեան իր էջով այս մասին գրառում կատարած է ԲՏԱ նախարար Մխիթար Հայրապետեանը:

«ՀՀ Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարութեան եւ ամերիկեան Starlink ընկերութեան միջեւ կայացած բանակցութիւնների արդիւնքում ՀՀ կառավարութիւնը ստացել է Starlink-ի կողմից նուիրաբերուած 56 սարքաւորում՝ ապագայ հնարաւոր արտակարգ իրավիճակներին նախապատրաստուելու նպատակով։ Այս սարքաւորումները հնարաւորութիւն կու տան ապահովել յուսալի եւ բարձր արագութեամբ համացանցային կապ՝ աղէտների եւ այլ արտակարգ իրավիճակների ընթացքում արդիւնաւէտ արձագանգման համար։

Այս նախաձեռնութիւնը իրականացուած է ՀՀ Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան եւ Ներքին գործերու նախարարութիւններուն համագործակցութեամբ։

Սարքաւորումները արդէն Հայաստան հասած են, եւ կը նախատեսուի զանոնք յատկացնել ՀՀ Ներքին գործերու նախարարութեան՝ Փրկարար ծառայութեան կարիքներու համար։ Անոնք պիտի նպաստեն Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու մէջ կապի բազմազանութեան հնարաւորութիւններու ամրապնդման, մասնաւորապէս, փրկարարական գործողութիւններու, բնական աղէտներու, ճգնաժամային իրավիճակներու, ինչպէս նաեւ այն պարագաներուն, երբ կապի աւանդական ենթակառուցուածքները սահմանափակուած, գերծանրաբեռնուած կամ խափանուած են։

Starlink-ը Երկրի ցած ուղեծիրին մէջ գործող աշխարհի ամենաառաջատար արբանեակային «համաստեղութիւնն» է, որ կ’ապահովէ յուսալի եւ բարձր արագութեամբ լայնաշերտ համացանց միլիոնաւոր օգտատէրերու համար ամբողջ աշխարհի մէջ։ Այն կարեւոր դեր կը կատարէ արտակարգ իրավիճակներուն արձագանգող ծառայութիւններու համար կապի անխափանութիւնը ապահովելու գործին մէջ, յատկապէս հեռաւոր բնակավայրերու եւ ճգնաժամային պայմաններու մէջ։

Այս նուիրատուութիւնը շարունակութիւնն է Starlink-ի եւ ՀՀ ԲՏԱ նախարարութեան միջեւ ձեւաւորուած արդիւնաւէտ համագործակցութեան, որու ծիրին մէջ արդէն իսկ 110 Starlink սարքաւորում կ’ապահովէ հազարաւոր սորվողներու համացանցային կապը Հայաստանի հեռաւոր բնակավայրերու դպրոցներուն մէջ։

ՀՀ Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարութիւնը բարձր կը գնահատէ Starlink-ի հետ համագործակցութիւնը եւ այս կարեւոր ներդրումը Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներուն պատրաստուածութեան եւ արձագանգման կարողութիւններու ամրապնդման գործին մէջ»,- գրած է նախարարը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment