ԵՄ-ն Հայաստանի մէջ նոր գործընկերային առաքելութիւն կը գործարկէ՝ «խառնածին սպառնալիքներու» եւ ապատեղեկատուութեան դէմ պայքարի համար։ Այս մասին հաղորդագրություն տարածած է Եւրոպական Միութեան Խորհուրդը։
Խորհուրդը յայտարարած է, որ Հայաստանի մէջ ԵՄ գործընկերային առաքելութեան (EUPM Armenia) գործարկման նպատակն է աջակցիլ Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ բարձրացնելու երկրին դիմակայունութիւնը «խառնածին սպառնալիքներու» նկատմամբ եւ ուժեղացնելու զարգացող անվտանգութեան մարտահրաւէրներուն արձագանգելու կարողութիւնը։
Ընդհանուր անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան քաղաքականութեան (CSDP) շրջանակին մէջ գործող քաղաքացիական խորհրդատուական առաքելութիւնը պաշտօնապէս ստեղծուած է 2026 թուականի Ապրիլ 21-ին։
Առաքելութիւնը Հայաստանի պետական կառոյցներուն պիտի տրամադրէ ռազմավարական խորհրդատուութիւն, տեխնիկական փորձագիտական աջակցութիւն եւ հաստատութենական կարողութիւններու զարգացման ծրագրեր։
Կը նախատեսուի նաեւ ստեղծել յատուկ նախագծային խումբ, որ միջազգային գործընկերներուն հետ համատեղ պիտի իրականացնէ առաքելութեան մանտաթով նախատեսուած ծրագրերը։
ԵՄ արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձր ներկայացուցիչ Քայա Քալաս յայտարարութեան մէջ նշած է, որ անցեալ շաբաթ Եւրոմիութիւնը Հայաստանին ներկայացուցած էր տնտեսական եւ քաղաքական աջակցութեան լայնածաւալ փաթեթ՝ «ռուսական ճնշման հակազդելու նպատակով», իսկ այժմ կը տեղակայէ նոր առաքելութիւն։
ԵՄ-մ կը նշէ, որ առաքելութիւնը ստեղծուած է Հայաստանի կառավարութեան դիմումի հիման վրայ եւ կը հանդիսանայ ԵՄ-Հայաստան անվտանգութեան համագործակցութեան ընդլայնման մաս։ Առաքելութեան նախնական մանտաթը երկու տարի է, իսկ անոր կազմին մէջ հիմնականօրէն պիտի ըլլան ԵՄ անդամ պետութիւններու կողմէ գործուղուած փորձագէտներ։
Առաքելութեան ղեկավար նշանակուած է Քոսմին Կէորկէ Տինեսքուն, որ նախապէս ղեկավարած է Մոլտովայի Հանրապետութեան մէջ ԵՄ գործընկերային առաջին առաքելութիւնը։

