Սահմանային անվտանգութեան եւ մաքսային բոլոր գործառոյթները կը մնան Հայաստանի վերահսկողութեան ներքոյ, TRIPP երթուղիին մէջ ԵԱՏՄ կարգաւորումներու մասին «Ազատութեան» հարցումին ի պատասխան նշած են ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութենէն:
Օրերս Հայաստանի արտաքին գործերու փոխնախարարը յայտնած էր, որ Սիւնիքի մարզով Ատրպէյճանը Նախիջեւանին կապող TRIPP-ը պիտի գործէ ԵԱՏՄ տարանցման կանոնակարգերուն համապատասխան: «Ազատութիւնը» Պետական Քարտուղարութենէն մասնաւորապէս հետաքրքրուած էր, թէ արդեօք Միացեալ Նահանգները, որպէս TRIPP-ի մասնակից, համաձայնա՞ծ է, որ տարանցիկ երթուղին գործէ ԵԱՏՄ կարգաւորող շրջանակի ներքոյ եւ արդեօք TRIPP-ի շրջանակներուն մէջ մաքսային տարանցման ընթացակարգերը պիտի կարգաւորուին ԵԱՏՄ կանոնակարգերով, եւ եթէ այո, ապա այս հարցին շուրջ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ արդէն իսկ կա՞յ փոխըմբռնում կամ համաձայնութիւն:
Պետական Քարտուղարութենէն շատ հակիրճ պատասխանած են «Ազատութեան» հարցումներուն՝ միայն նշելով.
– «TRIPP-ը կը պահպանէ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ իրաւազօրութիւնը: Սահմանային անվտանգութեան եւ մաքսային բոլոր գործառոյթները կը մնան Հայաստանի վերահսկողութեան ներքոյ, Հայաստանի իշխանութիւնները կ’իրականացնեն վերահսկողութիւնը ու կը կայացնեն առանցքային որոշումները»:
Աւելի վաղ, արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան չէր հերքած, որ ճանապարհով անցնող-դարձողնեուի առերես սպասարկումը, այսինքն՝ շփումը, կրնայ նաեւ երրորդ երկրի հսկողութեան պատուիրակուիլ: Ստուգման համար փաստաթուղթերը անոնք կը հաւաքենւ, տարանցման վճարները՝ նոյնպէս:
«Ազատութեան» միւս հարցը, թէ արդեօ՞ք Միացեալ Նահանգները կը նախատեսէ որեւէ փոփոխութիւն գործող կարգաւորող շրջանակին մէջ կամ տարանցման առանձին կանոններու ներդրում TRIPP-ի համար, Պետական Քարտուղարութիւնը անպատասխան թողած է: Իսկ արդեօք Ուաշինկթընը սա քննարկա՞ծ է Հայաստանի ու Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ հարցումին ի պատասխան, Պետական Քարտուղարութեան խօսնակը միայն յայտնած է, որ Ուաշինկթընը կը շարունակէ աշխատիլ Ատրպէյճանի կառավարութեան հետ ռազմավարական գործընկերութեան փաստաթուղթով ամրագրուած առաջնահերթ ուղղութիւններու շուրջ, ներառեալ՝ տարածաշրջանային փոխկապակցուածութիւնը, տնտեսական ներդրումները, ուժանիւթը, անվտանգութեան ոլորտին մէջ համագործակցությունը եւ արհեստական բանականութիւնը:
Պաշտօնական Ուաշինկթընը նաեւ չէ յայտնած, թէ մինչ այս պահը որքան գումար յատկացուցած է ամերիկեան կողմը TRIPP նախագիծին համար, խօսնակը ըսած է, թէ «այս պահուն յաւելեալ մանրամասնութիւններ չեն կրնար տրամադրել»:

