Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Ի Դէմս Ատրպէյճանի՝ Հայաստանը Ունի Վառելանիւթի Յուսալի Աղբիւր». Ալիեւ

«Ի Դէմս Ատրպէյճանի՝ Հայաստանը Ունի Վառելանիւթի Յուսալի Աղբիւր». Ալիեւ

by MassisPost

Ատրպէյճանը միակողմանիօրէն վերացուցած է Հայաստանի նկատմամբ սահմանուած բոլոր  տարանցիկ սահմանափակումները։ Այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ՝ Շուշիի 4-րդ համաշխահրային մետիահամագումարի բացման ժամանակ։

Ան նշած է, որ Ատրպէյճանի տարածքով Ռուսաստանէն, Ղազախստանէն եւ այլ երկիրներվ  Հայաստան տեղափոխուած են աւելի քան 40  հազար թոն տարբեր բեռներ։

«Բացի անկէ, Ատրպէյճանը ինք սկսած է նաւթամթերք արտահանել Հայաստան։ Եթէ չեմ սխալիր, այսօրուայ դրութեամբ  մատակարարուած է ագելի քան 10 հազար թոն նաւթամթերք։ Յատկապէս ներկայիս  պայմաններու մէջ, երբ շատ երկիրներ կը բախին վառելանիւթի պակասի հետ, Հայաստանը ունի վառելանիւթի յուսալի աղբիւր, եւ այդ  աղբիւրը Ատրպէյճանն է։ Եթէ այդ չլըլլար, Հայաստանը, հաւանաբար, այսօր ստիպուած ըլլար  պենզին եւ տիզելային վառելիք փնտռել աշխարհի այլ մասերու մէչ»,- ընդգծած է Ալիեւ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment