Երեւանին եւ Մոսկուային կը կապեն երկու երկիրներու ժողովուրդներուն «յատուկ յարաբերութիւնները» եւ «անկեղծ սէրը»: Այս մասին յայտնած է ՌԴ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան:
«Մեզի համար հայաստանը ոչ միայն ինքնիշխան պետութիւն է, անշուշտ, ատիկա այդպէս է… այլեւ այն պետութիւնն է, որուն հետ մեզ կը կապեն յատուկ յարաբերութիւնները շնորհիւ մեր ընդհանուր պատմութեան, մեր ընդհանուր շատ բաներու՝ ընդհանուր ընտանիքներու, նախագիծերու, առեւտուրի եւ միահիւսուած ճակատագրերու»,- ըսած է Զախարովա:
ՌԴ ԱԳՆ ներկայացուցիչը յայտնած է, որ Մոսկուայի կողմէ «միշտ եղած է միայն օգնութիւն, աջակցութիւն, որոնք, իմ կարծիքով, կապուած եղած են ինչպէս աշխարհաքաղաքական գործօններու հետ, ինչպէս կ’ըսեն դիւանագէտները, այնպէս ալ այն բանի հետ, ինչ որ ես կ’անուանեմ սէր։ Անկեղծ սէր ժողովուրդներու, մշակոյթներու միջեւ, փոխներթափանցման. ահա ասոնք իրական կապեր են»։
«Ես արդէն չեմ խօսիր այն մասին, թէ որքան բան ըրած է անձամբ Ռուսաստանի նախագահը՝ կանգնեցնելու արիւնալի հակամարտութիւնները, օգնելու դժուարին ժամանակահատուածներուն մէջ եւ ընելու հնարաւոր ամէն ինչ, որ Հայաստանը զարգանայ։ Իրականութեան մէջ որքան շատ բան կատարուած է տնտեսութեան, ուժանիւթի, արդիւնաբերութեան եւ այլնի առումով…»,- ըսած է Զախարովա։

