Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ-ն Հաւաստիացուցած Է, Որ TRIPP Նախագիծէն Իրանի Համար Որեւէ Սպառնալիք Պիտի Չստեղծուի. Իրանի Դեսպան

ՀՀ-ն Հաւաստիացուցած Է, Որ TRIPP Նախագիծէն Իրանի Համար Որեւէ Սպառնալիք Պիտի Չստեղծուի. Իրանի Դեսպան

by MassisPost

«ՀՀ-ն հաւաստիացուցած է, որ TRIPP նախագիծէն Իրանի համար որեւէ սպառնալիք պիտի չստեղծուի»: Սսուլիսի ժամանակ այս մասին ըսած է Հայաստանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Խալիլ Շիրղոլամին:

«Հայ-իրանեան յարաբերութիւններու օրակարգային հարցերը պէտք է ըլլան, անոնք են՝ այս նախագիծէն ի յայտ եկող վտանգներու կառավարում եւ հնարաւոր մարտահրաւէրներու վերացում։ Ինչ կը վերաբերի ԱՄՆ-ին եւ ամերիկացիներու դիրքորոշմանը 20 օր դեռ չէ լրացած, որ յուշագիր կնքուած ու ստորագրուած է, այս ընթացքին մենք ականատես եղած ենք անոնց կողմէ քանի մը խախտումներու:

«Իրանի շատ բօրինական եւ տրամաբանական անհանգստութիւնը՝ իր սահմաններուն հարեւանութեամբ ամերիկացիներու ներկայութեան վերաբերեալ, պէտք է յստակ արձագանգ ստանայ, եւ պատասխան տրուի: ՀՀ կառավարութիւնը հաւաստիացուցած է, որ այս ծրագրի իրականացման հետեւանքով որեւէ մարտահրաւէր կամ սպառնալիք Իրանի համար պիտի չստեղծուի:

«Կը կարծեմ, որ մենք պէտք է ձեռք բերենք մեխանիզմ մը, որու շրջանակներուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը կարենայ իրացնել եւ իրականացնել ապաշրջափակման ամբողջ ներուժը, սակայն ի լրումն անոր՝ պէտք է կառավարուի եւ յստակ կերպով արձագանգ տրուի ԱՄՆ-ի ներկայութեան հնարաւոր վտանգներուն եւ Իրանի դէմ ունեցած սպառնալիքներուն»,- ըսած է ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment