Ռոմանոս Պետրոսեանը եւ Սամուէլ Կարապետեանը հեռակայ կը բանավիճին ՀԷՑ-ի ֆինանսական վիճակի շուրջ: Ռոմանոս Պետրոսեան պատասխանած է Սամուէլ Կարապետեանի յայտարարութիւններուն՝ անդրադառնալով Հայաստանի Ելետրական Ցանցերու վարկային պարտաւորութիւններուն։
ՀԷՑ-ի ժամանակաւոր կառավարիչ Ռոմանոս Պետրոսեան ընկերային ցանցի իր էջով արձագանգած է «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Սամուէլ Կարապետեանի յայտարարութիւններուն՝ ներկայացնելով ընկերութեան վարկային
պարտավորութիւններու մարման վերաբերեալ իր գնահատականը։
Պետրոսեանի խօսքով՝ ՀԷՑ-ի ժամանակաւոր կառավարման առաջին 6-8 ամիսներու ընթացքին կարելի եղած է ընկերութեան շուրջ 400 միլիոն տոլարի ֆինանսական պարտաւորութիւններէն վաղաժամկէտ եւ ծրագրուած կարգով մարել շուրջ 50 միլիոն
տոլարին համարժէք վարկեր։
Անոր պնդմամբ՝ այդ հնարաւոր դարձած է այն պատճառով, որ «սեփականատէրերին եւ նրանց ուղղակի կամ անուղղակի փոխկապակցուած շրջանակներին այլեւս չի յաջողվել ֆինանսական մի շարք առերեւոյթ մեքենայութիւնների, ուռճացուած
գներով ապրանքների եւ ծառայութիւնների ձեռքբերումների, ինչպէս նաեւ բացառապէս իրենց ու իրենց մերձաւորներին պատկանող ընկերութիւնների միջոցով իրականացուող «մենաշնորհային» մատակարարումների միջոցով ՀԷՑ-ից
դուրս բերել եւ իւրացնել այդ միջոցները»։
Պետրոսեան նաեւ նշած է, որ ՀԷՑ-ի սեփականատիրոջ` Սամուէլ Կարապետեանի կողմէ նախօրէին հնչեցուած «մերկապարանոց, մտացածին եւ անհիմն գնահատականներուն» պիտի անդրադառնայ աւելի ուշ՝ ներկայացնելով «յստակ թիւեր ու փաստեր»։
Յուլիս 7-ին դատական նիստէն յետոյ լրագրողներու հետ զրոյցին Սամուէլ Կարապետեան յայտնած էր, որ ՀԷՑ-ի կողմէ շուրջ 50 միլիոն տոլարի ֆինանսական պարտաւորութիւններու մարումը պայմանաւորուած է ոչ թէ արդիւնաւէտ կառավարմամբ, այլ այն հանգամանքով, որ ընկերութիւնը, անոր խօսքով, չէ իրականացուցած նախատեսուած արդիականացման աշխատանքներն ու նոր միացումները։

