Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Վճռականօրէն Կ’ընթանայ Դէպի Եւրոպա՝ Ընտրելով Բարգաւաճման Ուղին. Ֆրանսայի Նախագահ

Հայաստանը Վճռականօրէն Կ’ընթանայ Դէպի Եւրոպա՝ Ընտրելով Բարգաւաճման Ուղին. Ֆրանսայի Նախագահ

by MassisPost

«Հայաստանը վստահ քայլերով կ’ընթանայ դէպի Եւրոպա՝ ընդգծելով, որ եւրոպական ընտանիքի լիիրաւ անդամ է»։

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումէն յետոյ կայացած մամուլի ասուլիսի ժամանակ այս մասին յայտնած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը։

«Հայաստանը վճռականօրէն ընտրած է խաղաղութեան եւ բարգաւաճման ուղին, ամրապնդած է իր ժողովրդավարութիւնը, չնայած փորձութիւններուն։ Հայաստանը վճռականօրէն կ’ընթանայ դէպի Եւրոպա եւ միշտ եղած է եւրոպական ընտանիքի լիիրաւ անդամ։ Այդ յառաջընթացը եւրոպական քաղաքականութեան ոլորտին մէջ, կարելի է ըսել, ակնյայտ է ինծի համար այս վերջին երկու օրերու ընթացքին»,- ըսած է Մաքրոնը։

Ֆրանսայի նախագահը նշած է, որ Ֆրանսայի և Հայաստանի յարաբերութիւնները հիմնուած են պատմական կապերու եւ եղբայրութեան վրայ, եւ ներկայիս անոնք կը մտնեն նոր փուլ։

«Ֆրանսայի եւՀայաստանի միջեւ բարեկամութիւնը ձեւաւորուած է ընդհանուր պատմութեան եւ անսասան եղբայրութեան հիմքով, եւ այս յարաբերութիւնները այժմ նոր շրջադարձ կ’ապրին: Իմ վերջին՝ 2018 թուականի այցէն ի վեր Հայաստանը անցած է զգալի ճանապարհ՝ յաղթահարելով պատերազմի հետեւանքները եւ անցնելով դէպի խաղաղութեան, զարգացման փուլ: Հայաստանը անցած է պատերազմի միջով, այնուհետեւ հաստատած է խաղաղութիւն, այնուհետեւ բարգաւաճում»,- նշած է Մաքրոն՝ յիշեցնելով, որ վերջին տարիներուն Հայաստանի տնտեսութիւնը արձանագրած է շուրջ 6 տոկոս միջին տարեկան աճ։

Մաքրոնը ընդգծած է, որ վերջին օրերուն Երեւանի մէջ տեղի ունեցած միջազգային միջոցառումները կը վկայեն Հայաստանի եւրոպական ուղղութեան մասին։

Ֆրանսայի նախագահը կարեւորած է նաեւ Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ համագործակցութեան խորացումը՝ ընդգծելով ներդրումներու, ենթակառուցուածքներու եւ տնտեսական կապերու ընդլայնման անհրաժեշտութիւնը։

Անոր խօսքով՝ եւրոպական ծրագրերու շրջանակին մէջ կը նախատեսուի աւելցնել ներդրումները, խորացնել համագործակցութիւնը պաշտպանութեան ոլորտին մէջ եւ յառաջ տանիլ վիզաներու ազատականացման գործընթացը։ Մաքրոն նշած է, որ վերջին տարիներուն հայ-ֆրանսական յարաբերութիւնները զգալիօրէն զարգացած են՝ ընդգրկելով բազմաթիւ ոլորտներ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment