Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ-ն Ու ԵՄ-ն Վերահաստատեցին Տարածքային Ամբողջականութեան Եւ Ինքնիշխանութեան Հիմնարար Սկզբունքները

ՀՀ-ն Ու ԵՄ-ն Վերահաստատեցին Տարածքային Ամբողջականութեան Եւ Ինքնիշխանութեան Հիմնարար Սկզբունքները

by MassisPost

Հայաստան–Եւրոմիութիւն առաջին, պատմական գագաթաժողովէն յետոյ ստորագրուած համատեղ հռչակագիրը 44 կէտ ունի։

Առաջին կէտով կողմերը կը շեշտեն, որ գագաթաժողովը երկկողմ յարաբերութիւնները խորացնելու պատմական կէտ կ’արձանագրէ։

Եւրոմիութիւնը կը վերահաստատէ իր անսասան յանձնառութիւնը Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները աւելի ամրացնելու եւ Հայաստանի ինքնիշխանութեան, դիմադրողականութեան ու համապարփակ բարեփոխումներու օրակարգին աջակցելու ուղղութեամբ՝ հիմնուելով ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու, հիմնարար ազատութիւններու, իրաւունքի գերակայութեան, նաեւ Հայաստանի երկարաժամկէտ զարգացման վրայ՝ Հայաստանն ու ժողովուրդը մօտեցնելով Եւրոմիութեան։

Երկրորդ կէտով Եւրոմիութիւնը կ’ընդունի Հայաստանի ժողովուրդին եւրոպական ձգտումները, որուն հիմքը Եւրոմիութեան անդամակցութեան գործընթաց սկսելու մասին անցեալ տարի ընդունուած օրէնքն է։

Հայաստանն ու Եւրոմիութիւնը կը վերահաստատեն տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնավարութեան հիմնարար սկզբունքները։ Եւրոմիութիւնը բարձր կը գնահատէ խաղաղութեան հաստատութենականացման ու խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման ու վաւերացման ջանքերը։

Պրիւքսէլը բարձր կը գնահատէ նաեւ Ուաշինկթընի գագաթաժողովի արդիւնքները եւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւնները կարգաւորելու ուղղութեամբ քայլերը։ Եւրոմիութիւնը ամբողջութեամբ կ’աջակցի հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման ու տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու վերաբացման՝ հիմնուած երկիրներու ինքնավարութեան, տարածքային ամբողջականութեան ու սահմաններու անձեռնմխելիութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքներու վրայ։

Կողմերը կ’արձանագրեն, որ 270 միլիոն եւրոյի աջակցութիւն տրամադրելու ծրագիրը կը շարունակէ յառաջ տանիլ Հայաստանի ընկերա-տնտեսական բարեփոխումներու օրակարգը։ Կրնան դիտարկել նաեւ 2027-էն յետոյ ֆինանսական աջակցութեան հնարաւոր ուղիները։

Կողմերը TRIPP նախագիծի իրագործումը կը համարեն առանցքային նախագիծ, որ կը նպաստէ կայուն, անվտանգ եւ ներառական տարածաշրջանային կապին։

Եւրոմիութիւնը կ’ողջունէ Հայաստանի ջանքերը իր ուժանիւթային անվտանգութիւնը ամրապնդելու, բազմազանելու ուղղութեամբ։

Եւրոմիութիւնը կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը միասին աշխատելու՝ Հայաստանէն Եւրոմիութիւն արտահանումը ընդլայնելու եւ հեշտացնելու ուղղութեամբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment