Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քըլըչ Չէ Ըսած, Թէ Թուրքիան Երբ Կը Նախատեսէ Բանալ Հայաստանի Հետ Սահմանը

Քըլըչ Չէ Ըսած, Թէ Թուրքիան Երբ Կը Նախատեսէ Բանալ Հայաստանի Հետ Սահմանը

by MassisPost

«Երեւանեան երկխօսութիւն» համաժողովին մասնակցող թուրք բանագնացը հրաժարած է ըսելէ, թէ Անքարան երբ կը նախատեսէ բանալ հայ-թրքական սահմանը:

«Սահմանի բացման հարցը մենք այստեղ չենք քննարկած: Որոշած ենք, որ երբ ճիշդ ժամանակը գայ, երբ ձեւակերպումները վերջնական տեսքի բերուին, կը բանանք սահմանը: [Ալիջանի անցակէտի] շինարարութիւնը գրեթէ պատրաստ է, բայց կան որոշ հարցեր, որոնք պէտք է աւարտին հասցուին, այնտեղ մարդիկ պէտք է նշանակուին, համացանցային կապ պէտք է հաստատուի եւ այլն, եւ այդպէս շարունակ»,- ըսած է հայ-թրքական հարցով Անքարայի յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչը:

Դիւանագէտը պնդած է, թէ խոչընդոտները «զուտ տեխնիկական ու բիւրոկրատական են, որոնք պիտի կարգաւորուին». – «մենք մեր քաղաքական կամքը յայտնած ենք 2022 թուականի Օգոստոսին: Բայց չեմ կրնար կանխատեսել, թէ երբ կը բացուի սահմանը, չեմ ուզեր սխալ տեղեկութիւն տալ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment