Հայաստանի մէջ այս տարուայ աշնան բրիտանա-նիտերլանտական Shell ուժանիւթի մեծ ընկերութիւնը պիտի գործարկէ պենզինի կայարաններու ցանց: Այս մասին յայտնեց ՀՀ տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեանը:
Ըստ նախարարին` ընկերութիւնը կը պատրաստուի նոր որակի եւ չափանիշերու պենզինի կայարաններու ցանց բանալու: Ծրագիրը կայ անցեալ տարուընէ, հայկական կողմը իր հերթին փորձած է ամէն կերպ աջակցիլ, խնդիրներու պարագային՝ օգնել: