Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեանը Ընդունած Է Ալեքսէյ Օվերչուքը Եւ Անտրէյ Ռուտենքօն

Նիկոլ Փաշինեանը Ընդունած Է Ալեքսէյ Օվերչուքը Եւ Անտրէյ Ռուտենքօն

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Ռուսիոյ Դաշնութեան փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը եւ արտաքին գործերու փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքօն: Հանդիպման մասնակցած է նաեւ ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ողջունած է հիւրերը եւ նշած. «Ուրախ եմ ձեզ տեսնել, ցանկանում եմ եւս մէկ անգամ նշել, որ բարձր ենք գնահատում տարածաշրջանային հաղորդակցութիւնների, ճանապարհային, երկաթուղային ուղիների բացմամբ զբաղուող եռակողմ աշխատանքային խմբի շրջանակներում արդէն իրականացուած աշխատանքի համար: Գիտէք, թէ մեզ համար որքան կարեւոր է այդ թեման, քանի որ երբ մենք յստակ լուծումների գանք, այն կը փոխի իրավիճակը տարածաշրջանում ոչ միայն տնտեսական, այլ նաեւ քաղաքական, հոգեբանական, անվտանգութեան իմաստով: Գիտէք, թէ մենք որքան շահագրգռուած ենք, որպէսզի դրա հետ կապուած յստակ եւ դրական արդիւնք ունենանք: Մենք շարունակում ենք սերտօրէն աշխատել: Մոսկուա կատարած իմ պաշտօնական այցի ընթացքում սա Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ քննարկուող առանցքային թեմաներից մէկն էր:  Եւ ես շատ ուրախ եմ, որ սրա կապակցութեամբ մենք մեր ընդհանուր մօտեցումները, մեր ընդհանուր դիրքորոշումներն ամրագրեցինք»:

Իր հերթին, Ալեքսէյ Օվերչուքը շնորհակալութիւն յայտնած է վարչապետին ջերմ ընդունելութեան համար եւ  նշած. «Իսկապէս, բոլորովին վերջերս մենք Ձեզի հետ հանդիպեցանք Մոսկուայի մէջ, ուր կը գտնէիք պաշտօնական այցով, այցելեցիք Մոսկուա եւ Նիժնի Նովկորոտ: Ամբողջ շարք մը հանդիպումներ եղան ե՛ւ Վլատիմիր Փութինի, ե՛ւ Միխայիլ Վլատիմիրի, ե՛ւ Վալենթինա Մաթվիենքոյի հետ: Կայացած հանդիպումներուն շնորհիւ, մեր նախարարութիւնները առաջադրանքներ ստացան, եւ մենք անոնց ուղղութեամբ կ’աշխատինք: Եւ կ’ուզեմ շատ կարեւոր պահ նշել, որուն Դուք ուշադրութիւն հրաւիրեցիք Ձեր այցին ժամանակ, այդ այն է, որ ամբողջութեամբ հանուին Քովիտի բոլոր սահմանափակումները: Հիմա շտաբը նման որոշում կայացուցած է` 16 Մայիսէն բոլորը պիտի հանուին եւ հնարաւոր պիտի ըլլայ ե՛ւ ցամաքային ճանապարհներով երթեւեկել, ե՛ւ օդանաւներով: Այսինքն` բոլոր այս հարցերը, որոնք իսկապէս մեր երկիրներուն միջեւ շփումները կը յետաձգէին, այսօր կը հանուին: Բացի այդ, մենք նաեւ Ձեզի հետ որոշումներ ընդունեցինք առեւտրային ոլորտի բազմաթիւ հարցերու շուրջ, որոնք այսօրուայ թեմայի ծիրին մէջ շատ կարեւոր են: Պատրաստ ենք հետագային եւս նոյն ոգիով շարունակելու համագործակցութիւնը եւ զարգացնելու զայն:

Քննարկուած են Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ երկկողմ համագործակցութեան օրակարգին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետներու եռակողմ աշխատանքային խումբի գործունէութեան վերաբերող հարցեր:

Անդրադարձ կատարուած է Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ ճանապարհային հաղորդակցութիւններու վերականգնման հեռանկարներուն եւ Հայաստանի վարչապետին, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն Յունուար 11-ի յայտարարութեան ծիրին մէջ իրականացուող աշխատանքի հետագայ ընթացքին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment