Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը աշխուժօրէն կը մասնակցի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կայունացման։ Այս մասին լրագրողներուն յայտնած են ՌԴ Պաշտպանութեան Նախարարութենէն։
Մասնաւորապէս, ՌԴ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս հարցով բանակցած է շարք մը երկիրներու գործընկերներուն հետ։ «Այդ աշխատանքի գլխաւոր նպատակը Լեռնային Ղարաբաղի մարտական գործողութիւններու անյապաղ դադրեցումն է եւ անցնիլը բանակցութիւններու, տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի կայունացման համար։
Ռուսաստանի ՊՆ-ին խորապէս կ’անհանգստացնէ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիի վրայ ահաբեկչական խմբաւորումներու գրոհայիններու տեղափոխումը։ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը նշած է, որ Շոյկուն այս մտահոգութիւնը հասցուցած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար՝ Հուլուսի Աքարին։