Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ Պաքուի Մէջ Հակակառավարական Ցոյցեր Կը Հասուննան Ռազմաճակատին Վրայ Մեծ Կորուստներու Պատճառով

Պաքուի Մէջ Հակակառավարական Ցոյցեր Կը Հասուննան Ռազմաճակատին Վրայ Մեծ Կորուստներու Պատճառով

by MassisPost

Ատրպէյճանի շարք մը քաղաքներուն մէջ, մասնաւորապէս Խիրտալանի մէջ, բնակչութիւնը բազմահազարանոց բողոքի ցոյցեր կատարած է, պահանջելով Ալիեւի հրաժարականը: Ատրպէյճանի իշխանութիւնները լրջօրէն մտահոգուած են բնակչութեան կողմէ սկիզբ առած հակակառավարական գործողութիւններով եւ արդէն սկսած են պատրաստուիլ առաջիկայ հանրահաւաքներուն՝ կը տեղեկացնէ infoteka24.ru-ն:

Այս կապակցութեամբ Ատրպէյճանի իրաւապահ մարմինները փակած են Խիրտալան-Պաքու մայրուղին ՝ կանխելու համար ցուցարարներու երթը դէպի մայրաքաղաք: Ոստիկանութեան եւ ներքին զօրքերու ստորաբաժանումները կ’աշխատին ծանր ռեժիմով, հանրահաւաքները ցրելու համար ոստիկանութեան առաքուած են անհրաժեշտ միջոցներու մեծ պաշարներ: Մարդոց դժգոհութիւնը կապուած է ռազմական գործողութիւններու ընթացքի, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով մարդկային կորուստներու հետ: Շատերը վշտացած կոչեր կը հնչեցնեն, որ իրենք ոչ մէլ լուր ունին ռազմաճակատ մեկնած իրենց հարազատներուն մասին եւ իշխանութիւններուն կոչ կ’ընեն տեղեկութիւն հաղորդելու անոնց գտնուելու վայրի եւ առաջնագիծի իրական իրավիճակի մասին: Որոշ աքթիւիսթներ վրդոված են այն փաստէն, որ հայկական կողմի կորուստները գրեթէ ամէն օր կը հրապարակուին, իսկ ատրպէյճանական կորուստներուն մասին պաշտօնական աղբիւրներուն մէջ ոչինչ կը հաղորդուի:

Իշխանութիւնները քաջատեղեակ են, որ եթէ յայտնի դառնայ այդ հսկայական կորուստներուն թիւը, որ ամենահամեստ հաշուարկներով, անյայտ կորածները առանց հաշուելու, կը գերազանցէ հինգ հազարը, ապա համաժողովրդական բողոքը դուրս կու գայ վերահսկողութենէ եւ կը վերաճի բուռն ցոյցերու ամբողջ երկրին մէջ: Արդէն նկատելի է, որ Կեանճայէն (Գանձակ), Թարթառէն, Պարտայէն եւ երկրի այլ քաղաքներէն մարդոց մեծ հոսք կ’ըլլայ դէպի Պաքու՝ բողոքի ցոյցեր կայացնելու համար: Հետեւաբար, Ալիեւի վարչակազմը կը փորձէ ժամանակ շահիլ եւ շփման գիծին վրայ գոնէ որոշակի յաջողութիւններու հասնել, որպէսզի արդարացում գտնէ մարդկային այդպիսի մեծ կորուստներուն համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment