Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Չաւուշօղլուն Կ’առաջարկէ Բանակցութիւններ Մինսքի Խումբի 11 Անդամներու Մասնակցութեամբ

Չաւուշօղլուն Կ’առաջարկէ Բանակցութիւններ Մինսքի Խումբի 11 Անդամներու Մասնակցութեամբ

by MassisPost

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած է, թէ Ղարաբաղի մէջ հրադադար հաստատելու միջազգային կոչերը բանական են, սակայն գերտէրութիւնները պէտք է նաեւ յորդորեն Հայաստանը դուրս բերելու զօրքերը «ատրպէյճանական տարածքներէն»։

Շուէտի արտաքին գործոց նախարարի հետ հանդիպումէն յետոյ, համատեղ ասուլիսի ընթացքին, Մեւլութ Չաւուշօղլուն կարծիք  յայտնած է, թէ հակամարտութեան կարգաւորման համար օգտակար կ’ըլլան բանակցութիւնները ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի 11 անդամներու մասնակցութեամբ։

«Քանի որ յաջորդը Շուէտը պիտի  ստանձնէ ԵԱՀԿ նախագահութիւնը, ես այդ առաջարկը ներկայացուցի իմ շուէտացի գործընկերոջ», – ըսած է Չաւուշօղլուն։

1994 թուականին, հրադադարի հաստատումէն յետոյ ձեւաւորուած Մինսքի խումբի անդամներն են Պելառուսը, Գերմանիան, Իտալիան, Շուէտը, Ֆինլանտան եւ Թուրքիան, ինչպէս նաեւ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը։ Ռուսաստանը, Ֆրանսան եւ Միացեալ Նահանգները ունին նախագահողի կարգավիճակ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment