Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Աշխուժօրէն Կը Մասնակցի Լեռնային Ղարաբաղի Իրավիճակի Կայունացման

Ռուսաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Աշխուժօրէն Կը Մասնակցի Լեռնային Ղարաբաղի Իրավիճակի Կայունացման

by MassisPost

Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը աշխուժօրէն կը մասնակցի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կայունացման։ Այս մասին լրագրողներուն յայտնած են ՌԴ Պաշտպանութեան Նախարարութենէն։

Մասնաւորապէս, ՌԴ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս հարցով բանակցած է շարք  մը երկիրներու գործընկերներուն հետ։ «Այդ աշխատանքի գլխաւոր նպատակը Լեռնային Ղարաբաղի մարտական գործողութիւններու անյապաղ դադրեցումն է եւ անցնիլը բանակցութիւններու, տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի կայունացման համար։

Ռուսաստանի ՊՆ-ին խորապէս կ’անհանգստացնէ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիի վրայ ահաբեկչական խմբաւորումներու գրոհայիններու տեղափոխումը։ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը նշած է, որ Շոյկուն այս մտահոգութիւնը հասցուցած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար՝ Հուլուսի Աքարին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment