Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Բովանդակային Փոփոխութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ. Մակունցը՝ «Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութիւն» Առարկան Դպրոցական Ծրագրէն Հանելու Մասին

Բովանդակային Փոփոխութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ. Մակունցը՝ «Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութիւն» Առարկան Դպրոցական Ծրագրէն Հանելու Մասին

by MassisPost

«Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկան չի հանուիր օրակարգէն, ան պիտի համադրուի հայ ժողովուրդի պատմութեան հետ եւ բովանդակային առումով որեւէ փոփոխութիւն տեղի պիտի չունենայ։ Այս մասին այսօր՝ Յուլիս 8-ին, լրագրողներու հետ զրոյցին ըսաւ «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար՝ Լիլիթ Մակունցը՝ անդրադառնալով հանրային քննարկման ներկայացուած՝ կրթութեան նոր չափորոշիչներուն, ըստ որոնց «Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկան առանձին պիտի չդասաւանդուի դպրոցներէն ներս։

«Բացարձակ փոփոխութեան չի ենթարկուելու առարկայի բովանդակային հատուածը։ Կարծում եմ՝ քրիստոնէութեան եւ հայ եկեղեցու դերը թէ հայապահպանման գործում, թէ հայոց լեզուի եւ հայագիտութեան պահպանման գործում, թէ պետութեան համար շատ կարեւոր է եղել եւ այդ հատուածը հանդիսանում է մեր պատմութեան ամենակարեւոր բաղկացուցիչ մասերից մէկը։ Քանի որ դեռ քննարկման փուլում է, կարծում եմ՝ դեռ ժամանակ կայ եկեղեցու հետ քննարկումներ ծաւալելու առումով»,- ըսաւ Մակունց։

Պատգամաւորը նշեց, որ ինքն ալ կը պատրաստուի շուտով այս հարցով հանդիպիլ Մայր Աթոռի ձեռագրատան, արխիւի եւ թանգարաններու տնօրէն՝ Ասողիկ աբեղայ Կարապետեանին հետ։

Անդրադառնալով այն կարծիքներուն, որ այս եկեղեցւոյ դէմ արշաւ է, Մակունցը առաջարկեց զերծ մնալ նման ձեւակերպումներէն։

«Չգիտեմ՝ ինչքանով է այս պահին, օրինակ իրականութեանը համապասատանում, բացարձակ չի համապատասխանում իրականութեանը»,- ըսաւ Մակունց։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment