Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերուն Թիւը Աճած Է 535-ով, Բուժուածներունը՝ 520-ով, Գրանցուած Է Մահուան 18 Նոր Դէպք

Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերուն Թիւը Աճած Է 535-ով, Բուժուածներունը՝ 520-ով, Գրանցուած Է Մահուան 18 Նոր Դէպք

by MassisPost

Հայաստանի մէջ վերջին մէկ օրուայ ընթացքին, «Քորոնա» ժահրի դէպքերու թիւը աճած է 535-ով՝ հասնելով 29820-ի, գրանցուած է հիւանդութենէն մահուան 18 նոր դէպք, հաղորդած է Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը:

Այսօր՝ Յուլիս 8-ի ժամը 11-ի սահմաններուն, կեդրոնի կայքին հրապարակած տուեալներուն համաձայն՝ հիւանդութենէն բուժուածներուն թիւը աւելցած է 520-ով եւ հասած 17427-ի:

Ըստ նոյն աղբիւրին՝ կատարուած է 2083 հետազօտութիւն, ընդհանուր թիւը հասաւ 127171-ի:

Մահուան դէպքերուն վերաբերեալ Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնած է թէ բոլորը ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ։

«Քորոնա» ժահրի հիւանդութենէն մահացածներու ընդհանուր թիւը հասաւ 521-ի, եւս 164 վարակակիր, ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, մահացած է այլ պատճառներով:

Այսպիսով, COVID-19-էն տուեալ պահուն, Հայաստանի մէջ կը բուժուին 11708 մարդ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment