Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի ԱԳՆ. Ալիեւը Բանակցային Գործընթացի Արդիւնքներու Բացակայութեան Սեփական Մեղքը կը Փորձէ Բարդել Համանախագահներուն Վրայ

Արցախի ԱԳՆ. Ալիեւը Բանակցային Գործընթացի Արդիւնքներու Բացակայութեան Սեփական Մեղքը կը Փորձէ Բարդել Համանախագահներուն Վրայ

by MassisPost

Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւը կը փորձէ բանակցային գործընթացին արդիւնքներու բացակայութեան համար սեփական մեղքը բարդել ԵԱՀԿ (Եւրոպայի մէջ Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութիւն) Մինսքի խումբի համանախագահներուն վրայ, անգործութեան մէջ կտրուկ մեղադրանքներ հնչեցնելով անոնց հասցէին, ըսուած է Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան պետ՝ Արտակ Ներսիսեանի մեկնաբանութեան մէջ:

Արձագանգելով Ալիեւի հարցազրոյցին` Արտակ Ներսիսեան նշած է, թէ խոչընդոտելով բանակցային լիարժէք եռակողմ ձեւաչափի վերականգնումը, անընդհատ կասկածի տակ դնելով վէճերու խաղաղ կարգաւորման սկզբունքը եւ սպառնալով ուժի կիրառումով, փորձելով խեղաթիւրել հակամարտութեան էութիւնը, «սեփական երկրում խրախուսելով ցեղապաշտական եւ հակամարդկային հայեացքներն ու վարքագիծի մոտելները, ատրպէյճանական իշխանութիւնները կանխամտածուած կերպով լրացուցիչ խոչընդոտներ են ստեղծում ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացում»։

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը կը յիշեցնէ ատրպէյճանական կողմին, որ միջազգային վէճերու բացառապէս խաղաղ միջոցներով լուծումը միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունքներէն մէկն է, որ ամրագրուած է ՄԱԿ-ի կանոնադրութեամբ:

«Պաքուի բոլոր շահարկումներն առ այն, որ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 51-րդ յօդուածն իրեն իրաւունք է տալիս ուժ կիրառել ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան համաթեքսթում, մերժուել են միջազգային հանրութեան կողմից 2016 թուականի ապրիլին, երբ Ատրպէյճանը լայնածաւալ յարձակում է սկսել Արցախի դէմ: ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահող երկրները` Միացեալ Նահանգները, Ռուսաստանը, Ֆրանսան, ինչպէս նաեւ Միաւորուած Ազգերի Կազմակերպութեան Գլխաւոր քարտուղարը, ԵԱՀԿ գործող նախագահը եւ Եւրոպայի խորհրդի գլխաւոր քարտուղարը միակարծիք էին, որ պէտք է խստօրէն պահպանուեն 1994 թուականի հրադադարի եւ դրա ամրապնդման մասին 1995 թուականի համաձայնագրերը: Ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման անհրաժեշտութեան շուրջ միջազգային հանրութեան միասնական դիրքորոշման ֆոնին Ատրպէյճանի՝ նոր պատերազմ սանձազերծելու սպառնալիքները չեն կարող այլ կերպ գնահատուել, քան իրեն միջազգային հանրութեան եւ միջազգային իրաւունքի սահմաններից դուրս հռչակելու փորձ», – ըսուած է մեկնաբանութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment