Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 25 ամեակին նուիրուած համագումարը Թուրքիոյ Կրթութեան նախարարութեան արգելքով ծանօթ դարձաւ պոլսահայութեան։
Նախարարութիւնը 10 Օգոստոսին հրապարակած շրջաբերականով Թուրքիոյ քաղաքացիները կը զգուշացնէր 15-18 Սեպտեմբեր թուականներուն կայանալիք համագումարին չմասնակցելու մասին։
Շրջաբերականին մէջ գրուած է հետեւեալը. «Լսումներու համաձայն Հայաստանի Հանրապետութեան Երիտասարդութեան եւ Մարմնամարզութեան Նախարարութիւնը Ատրպէյճանի գրաւեալ տարածքի՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կը կազմակերպէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 25 ամեակը խորագրեալ միջազգային համագումար մը։ Հաւանական հրաւէրի մը պարագային կը զգուշացնենք մասնակցութենէն հրաժարելու մասին»։
Համագումարը կազմակերպող Ղարաբաղի Երիտասարդ ակադեմականներու եւ մասնագէտներու միութեան հիմնադիր Աւետիք Յարութիւնեան այս մասին «Ակօս»ին փոխանցեց հետեւեալ տեղեկութիւնը. «Հիմնադրութեան 25 ամեակին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հատած ճանապարհը, յաջողութիւնները եւ անյաջողութիւնները քննարկելու համար պիտի մէկտեղուինք։ Այս առթիւ Ղարաբաղի երիտասարդ ակադեմականները այլ երկիրներէն եկած պաշտօնակիցներու հետ պիտի ծանօթանան եւ կարծիքներ պիտի փոխանակեն։ Հինգ երկիրներէ մասնակիցներ ունինք, որոնց մէջ թուրքիացիներ չկան։ Բայց եթէ ցանկութիւն ըլլայ մենք պատրաստ ենք զիրենք ընդունելու»։
«Ակօս»